ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿՈՉԵԼ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխանները երէկուան նիստին ընթացքին առաջարկած են իրենց երկիրը վերանուանել:
Երեսփոխան Սիյավուշ Նովրուզով յայտնած է, որ վերջին շրջանին հասարակութեան մէջ կը հնչեն երկիրը Հիւսիսային Ազրպէյճան կոչելու կարծիքներ: «Համաշխարհային փորձառութեան մէջ գոյութիւն ունին Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Կիպրոս: Աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար Ազրպէյճանը, իբրեւ մասնատման ենթարկուած պետութիւն, անուանել Հիւսիսային Ազրպէյճան», ըսած է ան:
Մէկ այլ երեսփոխան` Հուտրաթ Հասանղուլիեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի երեք քառորդը կը պատկանի Հարաւային Ազրպէյճանին, իսկ մէկ քառորդը` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան: «Այդ պատճառով պէտք է փոխել մեր երկրին անունը` զայն դարձնելով Հիւսիսային Ազրպէյճան», ըսած է ան:
Ըստ անոր, 1813-ի Կիւլիստանի եւ 1828-ի Թուրքմենչայի համաձայնագիրները պէտք է անվաւեր հռչակուին, որովհետեւ «չեն համապատասխաներ ազրպէյճանական ազգային շահերուն»:
Երեսփոխան Ֆարաճ Կիւլիեւ իր կարգին նշած է, որ 1991-ին անկախութեան մասին հռչակագիրի որդեգրման ժամանակ ինք այդպիսի առաջարկ մը կատարած է եւ այժմ դարձեալ այդ հարցի «վերակենդանացման» կողմնակից է:

