ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՐԱՔԻ ՍԻՒՆՆԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՇԻԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԷ

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Իրաքի մէջ յարանուանական լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով` Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովի մը ընթացքին Իրաքի սիւննի եւ շիի ղեկավարները սեղանի շուրջ հաւաքելու:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ժողովը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութիւնն է, տեղի պիտի ունենայ փետրուարի վերջաւորութեան: «Սապահ» կը գրէ, որ Թուրքիա կը ձգտի ստեղծել միջազգային մարմին մը, որ սեղանի շուրջ կը հաւաքէ շրջանին տարբեր խմբաւորումները:

 

Share this Article
CATEGORIES