ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ սուրիական յեղափոխութեան յաղթանակով է, որ «Արաբական գարուն»-ը յաղթանակով պիտի պսակուի:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ Թրիփոլիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաղաքացիական ծառայութեան կազմակերպութիւններու համադաշնակցութեան հետ: Քննարկուեցան Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի բնակչութեան կարիքները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ապահովել կարենալու համար Թրիփոլիի շահերը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ կենսոլորտի պաշտպանութեան առումով ընկերային եւ քաղաքացիական շրջանակները նախարարութեան հիմնական գործընկերները կը նկատուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պուրան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ոմանք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ուշացնելու համար համախմբումի նուաճումներուն յայտարարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան զինուորական կցորդը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի եւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէկ պատուիրակութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են 44 անձեր, որոնք տարբեր յանցանքներ գործած են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս հարց տուաւ, թէ արդեօք կարելի չէ՞ տեսնել, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին դէմ լուրջ եւ անսովոր յարձակում կայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու վտանգը աւելի լուրջ սկսած է դառնալ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 500 լ. ոսկիի յաւելում:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական հոսանքի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ ինք հասած էր Սուրիոյ յեղափոխութեան նիւթական եւ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու կոչ ուղղող կրօնական հրամանագիր մը հրապարակելու սեմին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան պէտք է յանձնել սահմանափակ տեղեկութիւններ` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին, ըստ սահմանադրական կանոններուն: Ան զարմանք յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ գործուելիք սպանութիւններուն մասին ապահովական կառոյցներէն առաջ տեղեակ պահուած են մամուլն ու տարբեր լրատուամիջոցները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընթացքի մէջ են հաղորդակցութիւններ եւ ջանքեր, որպէսզի Ֆրանսայի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ունենան լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը: Այս իմաստով նշուեցաւ, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մեծ ճիգեր կը թափէ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը ներկայ պիտի գտնուի յառաջիկայ 14 փետրուարին տեղի ունենալիք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յիշատակի ձեռնարկին:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ֆրանսա կատարելիք իր այցելութենէն ետք պիտի այցելէ նաեւ Ռումանիա եւ Պելճիքա:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը անկարելի է:

