ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԹՈՂ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՒ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Թուրքիոյ իշխանաւորները եւ իրենց հետեւորդ թուրք անտեղեակ հասարակութիւնը հիմա իրենց հերթը կը նկատեն ցնծալու: Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներուն վրայ իր ճնշման լծակներով յոխորտալու արդար իրաւունքը շահեցաւ Թուրքիան, սակայն շատ հեռու է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի մղձաւանջէն փրկուած ըլլալէ:

Հիմա գնդակը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի դարպասին առջեւն է, եւ թուրք հարուածողները այդ երկիրը ծունկի բերելու պատմական առիթը չեն ուզեր փախցնել: Ֆրանսայի պատիւն ու արժանապատուութիւնը, այդ երկրին մէջ օրինականութիւնը պաշտպանելու կոչուած դատարանի վարքագիծը ուշադրութեան կիզակէտը պիտի դառնայ միջազգային հասարակութեան, որ պիտի չափէ, կշռէ ու գնահատէ ֆրանսական արդարադատութիւնը` հիմնուելով այս օրինագիծին նկատմամբ իր դիրքորոշումին վրայ:

Արդարեւ, ակնդէտ պիտի սպասենք տեսնելու, թէ հրեաներու Ողջակիզման ժխտումը քրէականացնող օրէնքի առկայութեամբ` ստեղծագործ ի՛նչ հիմնաւորումներ պիտի գտնէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը, որպէսզի կարենայ համոզիչ դառնալ թէ՛ իր քաղաքացիներուն եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան:

Սահմանադրական խորհուրդը, անշուշտ կրնայ նախընտրել իր որոշումը հիմնել քաղաքական հաշուարկներու վրայ, կրնայ ի՛ր իսկ ընտրութեամբ ինքզինք վարկաբեկել, իր քաղաքական հանգամանքը ստորադասել եւ ծառայել պատեհապաշտ նպատակներու: Թող այդ քայլին պատասխանն ալ, սակայն, պատրաստ ունենայ, որովհետեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին ուրացումն ու հերքումը քրէականացնող այս օրինագիծի սահմանադրականութիւնը ժխտող որեւէ որոշում պիտի հալածէ զինք յառաջիկային:

Մինչ այդ, այս օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ հասցնող խորհրդարանականները թող բարի ըլլան բացատրելու, թէ բարոյական ի՛նչ իրաւունքով իրենց սեփական երկրին մէջ խօսքի ազատութեան դէմ կոպտօրէն բռնացող Թուրքիոյ իշխանաւորներուն ընդառաջելու քայլին դիմեցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES