ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ԹԵՐԹԸ ԴՊՐՈՑ Է

Ռ. Հ.

Երեւանի մէջ, երբ կը նշուէր մեր թերթին հիմնարկութեան 70-ամեակը, հրապարակաւ ըսի, որ թերթը դպրոց մըն է: Ճիշդ է, որ թերթին գլխաւոր պարտականութիւնն է քաղաքական ու հասարակական լուրեր հաղորդել, արձագանգել մեզ հետաքրքրող բոլոր իրադարձութիւններուն, բայց իրականութեան մէջ թերթը լրատու հրատարակութիւն մը ըլլալէ աւելին է: Ըսի.

– Եթէ ինծի հարցուի, մանաւանդ եթէ իմ ընթերցողներուս հարցուի, պիտի ըսենք, որ թերթը դպրոց մըն է ամէն բանէ առաջ:

Ճիշդ է: Խմբագրի կեանքիս երկար տասնամեակներու ընթացքին քանինե՜ր ու քանիներ ինծի ըսած են, որ թերթը դպրոց մըն է, ուրկէ շատ բան սորված են ու կը շարունակեն սորվիլ:

Կը ձայնակցիմ: Թերթին հիմնական նպատակը դպրոցի պարտականութիւն ստանձնել չէ, բայց բան չի փոխուիր, թերթը վերջին հաշուով կը դառնայ դպրոց: Դպրոց մը, որուն կ՛աշակերտեն ամէն տարիքէ հազարաւոր աշակերտներ: Ամէն տարիքէ, այո՛: Ասիկա այն միակ դպրոցն է, որուն նստարաններուն վրայ նստելու հաւասար  իրաւունք ունին տասնհինգ տարեկան տղեկէն մինչեւ ութսուն տարեկան հասուն մարդը: Ասիկա այն դպրոցն է ուրեմն, որ տարիքի սահման չի դներ իր աշակերտներուն միջեւ: Եւ ասիկա այն դպրոցն է, ուր դասատուն ու աշակերտը դասարանի մը մէջ դէմ դիմաց նստած չեն, ինչպէս կը նստին իրաւ դպրոցին մէջ: Դասատուն չի տեսներ իր աշակերտը, բայց գիտէ, որ իր աշակերտը կը լսէ իր ձայնը: Եւ աշակերտը, եթէ աշխատասէր է, կամ ըսենք` եթէ իսկապէս թերթի սիրահար մարդ է, եթէ թերթին գրեթէ բոլոր սիւնակները կը լափէ հետաքրքրութեամբ ու ամէն ինչէ տեղեակ դառնալու նախասիրութեամբ, այդ պարագային ան ամէն օր շատ բան կը սորվի նոյնիսկ առանց անդրադառնալու, թէ բան կը սորվի: Այս պարագային, դասատուն թերթին խմբագիրն է, կամ` խմբագիրները, նաեւ` թերթին աշխատակցող ինչ-ինչ մտաւորական ու գրոց-բրոց մարդիկ, որոնք պատմելու ու սորվեցնելու շատ բան ունին:

Այս դպրոցն ալ բնականաբար ունի իր ծոյլ կամ թոյլ աշակերտները, որոնք ականջի ծայրով կը լսեն թերթին կողմէ կատարուած դասախօսութիւնները, որոնք անպայման բան մը սորվելու համար չէ՛, որ մտած են դասարանէն ներս, այլ մտած են պարզապէս անգամ մը ներս մտած ըլլալու համար: Դպրոցը անոնց մեծ բան մը կը սորվեցնէ՞, թէ՞ ոչ, կարեւոր չէ: Աշխարհի բոլոր դպրոցներուն նման, մեր այս դպրոցին ալ ճակատագիրն է ունենալ լաւ կամ անբաւարար աշակերտներ: Բայց ամէն աշակերտ, լաւ կամ անբաւարար, ի վերջոյ բան մը կը ստանայ այդ դպրոցէն:

Խմբագիրը, որ այս պարագային դպրոցին գլխաւոր դասատուն է, այդքան շա՞տ բան գիտէ, որպէսզի իր գիտցածները սորվեցնէ իր աշակերտներուն: Անշո՛ւշտ, ոչ: Ո՛չ մէկը այնքան շատ բան գիտէ, որքան շատ բան կայ թերթի մը սիւնակներուն մէջ: Բայց ինչպէս կրթական իրաւ կեանքի մէջ, նոյնպէս հոս, դասատուն նախ ինք կը սորվի, որպէսզի աւելի վերջ սորվեցնէ ուրիշին: Ո՛չ մէկ դասատու կրնայ աշակերտի մը սորվեցնել բան մը, զոր ինք չի գիտեր: Եթէ կ՛ուզես սորվեցնել, նախ դուն պէտք է սորվիս: Նախ դուն պիտի կարդաս, յետոյ ուրիշին պիտի կարդացնես: Նախ դուն պիտի իմանաս, յետոյ ուրիշին պիտի իմացնես: Նախ դուն պիտի խանդավառուիս, յետոյ ուրիշը պիտի խանդավառես:

Մարդիկ կան, որոնք կ՛ուրախանան առանձինն, որոնք գեղեցկութիւնը կը վայելեն առանձինն: Անոնք խառնուածքով այսպէս ստեղծուած են: Գեղեցկութիւնը կը վայելեն առանց զայն ուրիշին հետ բաժնելու, կարծես թէ եթէ բաժնեն, իրենց բան պիտի չմնայ: Նախանձո՞տ են: Ո՛չ: Պարզապէս չեն գիտեր, թէ գեղեցկութիւնը այնքան կը շատնայ, որքան կը բաժնուի ուրիշներու հետ ալ:

Թերթը այն դպրոցն է, ուր դասատուները իրենց գտած բոլոր գեղեցկութիւնները կը բաժնեն հազարաւոր աշակերտներու հետ: Եւ այն ատեն զարմանքով կը տեսնես, թէ գեղեցիկ որքան շատ բան կայ սա աշխարհին վրայ, գեղեցիկ որքան շատ բան կայ մեզ շրջապատող կամ մեզմէ հեռու մնացած միջավայրերու մէջ: Կը բաւէ, որ մէկը խօսի այդ գեղեցկութիւններուն մասին:

Իրաւ դպրոցին մէջ դասախօսը խօսելով կը դասաւանդէ: Աշակերտը պէտք է ուշադրութեամբ մտիկ ընէ, որովհետեւ եթէ չդիմացաւ, եթէ չհասկցաւ, կը դժուարանայ իր դասախօսին կրկնել տալու: Իսկ թերթ կոչուած դպրոցին մէջ դասախօսը գրելով է, որ կը դասաւանդէ: Ահաւասիկ այս դպրոցին ամենամեծ առաւելութիւնը: Իրաւ դպրոցի դասախօսին խօսքը կը ցնդի դասարանին մէջ, մինչդեռ թերթ կոչուած դպրոցին մէջ դասախօսին գիրը կը մնայ: Գիրին ամենամեծ յատկութիւնն է այս: Մնա՛լ: Մնալ ու կարդացուիլ քանի մը անգամ, այսօր, վաղը կամ օրեր վերջ: Թերթը միայն դպրոց չէ, այլ նաեւ` դասագիրք:

Եւ այս դպրոցը նեղացուցիչ չէ, ինչպէս մանուկ աշակերտին համար նեղացուցիչ կրնայ ըլլալ իրաւ դպրոցը: Հոս սա կամ նա ժամուն դասարան մտնելու պարտաւորութիւն չկայ, դասավերջի զանգակին սպասելու ստիպողութիւն չկայ, ամէն օր ժամեր շարունակ դասատուի մը դիմաց անշարժ նստիլ չկայ: Ասիկա այն դպրոցն է, որ կը սորվեցնէ առանց նեղելու, նոյնիսկ` առանց զգացնելու:

Թերթը դպրոց է: Եթէ չէք արձանագրուած, եկէք` արձանագրուեցէք այս դպրոցին: Բայց եթէ կը կարդաք այս տողերը, կը նշանակէ, որ արդէն արձանագրուած էք:

Ողջո՛յն ձեզ, սիրելի ու հաւատարիմ աշակերտներ` թերթ կոչուած դպրոցի:

 

Share this Article
CATEGORIES