ԷԽՀՈՐԵՍԹ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՐԱՆՑՈՒՄՆԵՐԷՆ»

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է էական կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերը միացեալ ձեւով քննարկել եւ Լիբանանը շրջանային իրարանցումներէն զերծ պահել` ընդգծելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զգաստ են եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կանխարգիլելու եւ հակակշիռի տակ առնելու համար որեւէ «ժայթքում»:

Էխհորեսթ այս յայտարարութիւնները կատարեց հիւսիսային Լիբանանի իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ Լիբանանի գործակցութեան պատշիրային (փրոթոգոլային) արձանագրութիւններուն, ապա ան ըսաւ, որ այդ գործակցութիւնը ինքնաբերաբար պիտի վերանորոգուի` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ:

Էխհորեսթ նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը ծրագրէ այցելել եւրոպական երկիրներ` աւելցնելով, որ ինք հաւանական կը գտնէ, որ Լիբանանի նկատմամբ Եւրոպայի զօրակցութիւնը ամրապնդուի:

Ան գնահատեց Լիբանանի մէջ առկայ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, թէ լիբանանցիները կը հաւատան, որ երկրին հարցերուն լաւագոյն լուծումը կարելի կ՛ըլլայ երկխօսութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES