ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱՀԱՊԸ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը:
Երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ նախագահ Ասատ հաստատած է, որ Սուրիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ սուրիական ներքին կացութեան վրայ այդ կայունութեան ունեցած դրական ազդեցութեան:
Ուահապ նկատել տուաւ նաեւ, որ Ասատ շեշտած է, որ արաբական արեւելքին մէջ տիւրզի համայնքին գոյութիւնը պիտի պահպանուի` նկատի ունենալով անցեալին, պատմութեան ընթացքին եւ ներկայիս տիւրզի համայնքին ունեցած ազգային դերակատարութիւնն ու անոր արձանագրած նուաճումները:
Ուահապ նշեց, որ Ասատ ընդգծած է, որ Սուրիա իր բոլոր զաւակներուն նկատմամբ սէր կը տածէ, առանց խտրութեան եւ բացառութեան:


