ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը սերտէ այն կարելիութիւնը, որ Լիբանանը կեդրոն կը դարձնէ շրջանային մակարդակի բոլոր երկխօսութիւններուն:

Պըրրի վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է օրէնքը գործադրել` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ ապահովական կառոյցներուն տրամադրուելիք տեղեկութիւններու թղթածրարին առումով:

Կէսօրէ ետք Պըրրի ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Ռուսիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES