ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԿԻՆԵՐՈՒՆ «ՆԵՐԽՈՒԺԵԼՈՒ» ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԱՐԶ
Արաբ կնոջ օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն երթին մէջ անհրաժեշտութիւն է կնոջ աշխուժ մասնակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ:
Ան նշեց, որ Լիբանան եղած է առաջին պետութիւններէն, որ յարգած է կիներուն իրաւունքները, յատկապէս ընտրելու եւ ընտրուելու անոր իրաւունքը, մինչդեռ արաբական կարգ մը այլ երկիրներ տակաւին այս իմաստով թերացումներ կ՛արձանագրեն:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց կիներուն ներխուժելու քաղաքական մարզ, առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը եւ փաստելու իրենք զիրենք` ազգային կեանքին եւ պատասխանատուութեան մէջ եւս:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց արտերկրաբնակ ֆրանսացիներու արաբական թերակղզիի շրջանի երեսփոխան Կի Մաքքին:
CATEGORIES Լիբանանեան


