ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏԷ ՄԸ ԵՏՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԸ ԱՌԿԱԽՈՒԵՑԱՒ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որմէ առաջ ան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` քննարկելու համար երկրին վերջին իրադարձութիւնները:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք նշանակումներու թղթածրարը պատճառ դարձաւ, որ նիստը առկախուի` վարչապետին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն միջեւ ծաւալած սուր բանավէճէն ետք:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները դէմ կեցան վարչապետի փորձին` կարգ մը քրիստոնեայ պաշտօնեաներու նշանակումը կատարելու առանց իրենց կարծիքը հարցնելու:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի խստիւ հակադարձեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներու կեցուածքին նշելով, որ թոյլ պիտի չտայ, որ նախարարները կիսատ ձգեն նիստը, հետեւաբար պահանջեց հանրապետութեան նախագահէն, որ առկախէ զայն, ինչ որ տեղի ունեցաւ:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք պիտի չհրաւիրէ ուրիշ նիստի, եթէ այս հարցը չքննարկուի եւ չվաւերացուի:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ ապահովական կառոյցին տրամադրուելիք տեղեկութիւններուն` «Տաթա»-ին հարցը, որուն քննարկումին համար կազմուեցաւ համապատասխան նախարարական յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Միքաթիի:

Յանձնախումբին մաս կազմեցին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն:

Այս յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել օրէնքի թիւ 140-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան տեղեկութիւնները   Դատական խորհուրդի իրաւասութիւնները դարձնելու կարելիութեան:

Նշենք, որ կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ 52 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES