«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՅՍՏԱԿ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԲԱԳՐԱՏ ԵՍԱՅԵԱՆ

Բագրատ Եսայեան

ՀՅԴ ներկայացուցիչ Բագրատ Եսայեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ փտածութիւնը յաղթահարելու համար նախ պէտք է յստակ արտայայտուած քաղաքական կամք ունենալ, ապա` օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարել, եւ երրորդ` հասարակութիւնը պէտք է աշխուժ ներգրաւուածութիւն ունենայ այդ հոլովոյթին մէջ:

«Առնուազն երկրորդին եւ երրորդին առումով որոշ քայլեր կը կատարուին, բայց կը վստահեցնեմ, որ անոնք մեծ մասամբ ձեւական են: Եւ առաջին, ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը` քաղաքական կամքը, կարծես թէ չի ձեւաւորուիր: Քաղաքական կամքը կ՛արտայայտուի ընտրողաբար, այն պարագաներուն, երբ պէտք է ցոյց տալ, որ այսպիսի կամք գոյութիւն ունի», յայտնեց ան:

Բ. Եսայեան նշեց, որ համաձայնական կառավարութեան ընդունած Ընտրական օրէնսգիրքը չի ջնջեր քաղաքական փտածութեան վտանգը, որ ամէնէն վտանգաւոր փտածութեան տեսակն է ամբողջ աշխարհին մէջ:

Ան ընդգծեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական փտածութեան ամէնէն վատ ձեւերը գոյութիւն ունին, երբ տնտեսական իշխանութիւնը ներթափանցած է ոչ միայն օրէնսդիր մարմին, ուր պատգամաւորները կը քուէարկեն մեկնելով իրենց տնտեսական շահերէն, այլեւ իշխանութեան կարեւորագոյն օղակները:

 

Share this Article
CATEGORIES