«ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱԿԱԻՍԼԱՄԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴՈՒՐԺԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ դէմ եւ անոր նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքի դրսեւորում է:
Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիան հակաիսլամականութեան հիւանդութեան դրսեւորումները պիտի չհանդուրժէ, եւ Եւրոպային կոչ ուղղած է այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկելու:
CATEGORIES Հայկական

