ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՖՐԱՆՍԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ ՈՉ ՄԷԿ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԼԾԱԿ ՈՒՆԻ»
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով յայտարարած է. «Ազրպէյճան Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթէն հեռացնելու ոչ մէկ իրաւական լծակ ունի»:
Ըստ լրատու գործակալութեան, 1 փետրուարին Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստի մը ընթացքին երեսփոխաններէն մէկը առաջարկած է Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շարքէն հեռացնել: Ասատով այդ առաջարկին պատասխանելով նշած է, որ Ֆրանսա ծերակոյտի համապատասխան որոշումէն ետք կորսնցուցած է համանախագահ ըլլալու բարոյական, սակայն ոչ իրաւական իրաւունքը:
CATEGORIES Հայկական

