ՔԱՐԼ ՊԱՐՏԱՔԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ

Մէջբերելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը` հայկական Armsport.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քարլ Պարտաքեան նշանակուեցաւ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:

Պարտաքեան օգոստոս 2011-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համահայկական խաղերուն Լոս Անճելըսի տղոց խումբին հետ տիրացաւ պասքեթպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:

Այս իրողութիւնը նկատի առնելով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր ձեռք ձգած մարզական հարուստ փորձառութիւնը հաշուի առնելով` որոշուեցաւ Պարտաքեանի վստահիլ այս պաշտօնը:

Այժմ Պարտաքեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան պէտք է պատրաստուի այս ամրան տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Ֆետերասիոնը յոյս ունի, որ ան յաջողի համախմբել հայրենի լաւագոյն մարզիկները եւ հասնիլ դրական արդիւնքի:

Վերոնշեալ ախոյեանութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ 2 յուլիսին` Սան Մարինոյի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES