ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՍԱԺԵՍ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՈՒՓՍ` 84-74
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով` 84-74 արդիւնքով:
Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, Անիպալ Զահլէ – Ռիատի Պէյրութ մրցումը յետաձգուեցաւ այսօրուան: Անիկա տեղի պիտի ունենար երէկ:
Մրցումը այժմ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրը` Զահլէի մէջ, սակայն ժամը 19:00-ի փոխարէն ժամը 18:00-ին:
CATEGORIES Մարզական


