ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ

Տի արթ լոս ռեճիսթըր 25 հազար տոլարի վարձատրութիւն կը խոստանայ Ռընուարի «Մատըլեն յենած իր արմուկին` ծաղիկներ մազերուն մէջ» գեղանկարին վերադարձին համար:

ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՈԵՒԷ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԷ ԱՒԵԼԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ Է ՓԻՔԱՍՕ. ԱՆՈՐ ԳՈՐԾԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000-Ը ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ԵՆ: ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ ԿՐՆԱՅ ԶԱՐՄԱՆՔ ՊԱՏՃԱՌԵԼ ԻՐ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐՈՎ: ՆԱԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄՏԱԾԵԼ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԳՈՐԾԵՐ ԵՆԹԱԿԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Սպանացի վարպետ գեղանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի գործերէն 1147 գեղանկարներու մասին արձանագրութիւն պահուած է իբրեւ գողցուած, անհետացած կամ վէճի նիւթ, ինչ որ աւելի քան կրկնապատիկն է անհետացած գործերու յաջորդ թիւին, զոր արձանագրած է Տի արթ լոս ռեճիսթըր սպասարկութիւնը:

Փիքասոյի անհետացած գործերուն թիւը անգամ մը եւս բարձրացաւ վերջերս, երբ Աթէնքի Արուեստի ազգային պատկերասրահէն գողցուեցաւ 1939-ին իրագործած անոր «Կնոջ գլուխ» դիմանկարը:

Տի արթ լոս ռեճիսթըր կազմած է ցանկը այն արուեստագէտներուն, որոնք ամէնէն աւելի շատ գողցուած գործեր ունին այն երկիրներուն մէջ, ուրկէ առաւելաբար կ՛անհետանան արուեստի գործեր: Բրիտանիա ամէնէն աւելի խոցելին է անոնց շարքին:

Տի արթ լոս ռեճիսթըրի տեղեկութիւններու շտեմարանը կը ցանկագրէ աշխարհի տարածքին գողցուած, անհետացած եւ վիճելի արուեստի գործերը:

Փիքասոյի կը յաջորդէ ամերիկացի արդի գեղանկարիչ Նիք Լորընս, որուն գրութիւններու վրայ հիմնուած եւ կենսոլորտային նիւթեր արծարծող գործերէն գողցուած են 557 օրինակ. անոնց մեծ մասը անհետացած է 2004-ին տեղի ունեցած կողոպուտի մը ընթացքին:

Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Մարք Շակալ, 20-րդ դարու ռուս-ֆրանսացի բազմակողմանի արուեստագէտը, որմէ գողցուած են 516 գործեր:

Հոլանտացի գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Քարըլ Ափըլ չորրորդ դիրքը կը գրաւէ գողցուած 505 գործերով, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ Սալվատոր Տալի` 504 գործերով: Խոան Միրօ, Տէյվիտ Լեւին, Էնտի Ուորհոլ, Ռամպրանթ եւ Փիթըր Ռայնիքը յաջորդաբար կ՛ամբողջացնեն ցանկին առաջին տասը անունները:

Ցանկին մաս կազմող այլ արուեստագէտներու շարքին են Հանրի Մաթիս` 205 անհետացած գործերով, Ռուպընզ` 169, Ճոն Քոնսթապլ` 155 եւ Թոմաս Կէյնզպորօ` 97:

Փիքասոյի «Աղաւնի` կանաչ ոլոռներով» գեղանկարը (ձախին) Փարիզի Արդի արուեստի թանգարանէն գողցուած է 2010-ին: Այս մէկը կը նկատուի ներկայ դարու ամէնէն զգայացունց արուեստի գողութիւնը: Կը կարծուի, թէ գեղանկարը փճացուած է: «Կնոջ գլուխ» գեղանկարը (աջին) վերջերս գողցուեցաւ Աթէնքի Արուեստի ազգային պատկերասրահէն:

Տի արթ լոս ռեճիսթըր նաեւ ի յայտ բերած է, թէ արուեստի այս գողութիւններուն 40 առ հարիւրը տեղի ունեցած է Բրիտանիոյ մէջ եւ 16 առ հարիւրը` Ամերիկայի:

Մինչ մետաղէ քանդակներու գողութիւնը կը բազմանայ Բրիտանիոյ տարածքին` հում նիւթի բարձր գիներուն պատճառով, անդին` արուեստի թանկարժէք գործեր երկար ժամանակէ ի վեր կը գողցուին ապսպրանքի վրայ: Անոնք յաճախ իբրեւ դրամանիշ կը գործածուին աւազակներու միջեւ:

«Վերջերս արձաններու գողութիւնը բազմացած է` մետաղի գիներու մագլցումին պատճառով: Պատերազմի յուշակոթողներ եւ յուշատախտակներ եւս կը պոկուին նոյն պատճառով», կ՛ըսէ Մեթրոփոլիթըն ոստիկանութեան արուեստի եւ հնութիւններու բաժանմունքին մէջ աշխատող գաղտնի ոստիկան Իան Լոսըն:

Լոսընի համաձայն, գոյութիւն ունին երկու տեսակի արուեստի գողեր. աւազակներ, որոնք բախտով կը հանդիպին լաւ գեղանկարներու, եւ յանցագործներ, որոնք կը գողնան ապսպրանքի վրայ:

«Արուեստի այլ գործերու պարագային գոյութիւն ունին երկու տեսակի յանցագործներ», կը բացատրէ ան:

«Անոնք, որոնք կը մտնեն մէկ միլիոն փաունտ արժող բնակարան մը եւ բախտով կը գողնան թանկարժէք գործ մը` առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ պիտի ընեն զայն իրենց հետ տանելէ ետք: Հաւանաբար զայն կը վաճառեն ինքնաշարժի մը սնտուկին մէջ զետեղուած ապրանքներու հետ կամ` հնավաճառի մը: Այս ճակատագիրը կ՛ունենան 15 հազար տոլարէն 30 հազար տոլար արժող գործեր»:

«Սակայն կան նաեւ կազմակերպուած աւազակախումբեր, որոնք թիրախ կ՛ընտրեն քաղաքամերձ շրջաններու բնակարաններ եւ կը գողնան բարձր գինով արուեստի գործեր: Անոնք ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն գողութիւն մը ծրագրելէ առաջ եւ գիտեն, թէ ի՛նչ պիտի ընեն արուեստի գործ մը գողնալէ ետք:

«Գողերը յաճախ զանոնք կը վերադարձնեն իրենց տէրերուն կամ ապահովագրական ընկերութեան` անոնց իրական արժէքին տասը առ հարիւր գինով: Ասիկա փորձութեան կրնայ մատնել ապահովագրողները, ինչպէս պատահեցաւ  Սկովտիայէն գողցուած «Եարտուինտըրի Աստուածամայրը» գեղանկարին պարագային, որ կ՛արժէր 50 միլիոն փաունտ»:

«Յայտնապէս անիկա վերադարձուեցաւ իր սեփականատէրերուն, եւ բազմաթիւ անձեր ձերբակալուեցան, սակայն չդատապարտուեցան»:

«Այլ ձեւով, արուեստի գողցուած գործերը իբրեւ դրամանիշ կ՛օգտագործուին ստորերկրեայ աշխարհին մէջ, կը փոխանակուին թմրեցուցիչով կամ զէնքերով»:

«Շատ աւելի դիւրին է արուեստի գողցուած գործ մը արտասահման տանիլ, որովհետեւ մաքսատան պաշտօնեաներ չեն կասկածիր, թէ իրենց տեսածը գողցուած գեղանկար մըն է: Սակայն, եթէ մէկը զէնք կամ թմրեցուցիչ ունի, կը ձերբակալուի»:

«Իսկ եթէ գեղանկար մը տարիներէ ի վեր կորսուած կը մնայ, ապա մէկը կրնայ դիւրութեամբ հաստատել անոր սեփականատիրութիւնը եւ շատ կը դժուարանայ հակառակը փաստելը»:

Տի արթ լոս ռեճիսթըրի ներկայացուցիչ Շարլոթ Վինհուէյզըն կ՛ըսէ. «Ասիկա կորսուած, գողցուած կամ վիճելի արուեստի գործերու եւ հնագիտական իրերու մասին միջազգային տեղեկութիւններով հարուստ մեծագոյն շտեմարանն է, որ կը գործէ սեփական մարզին մէջ»:

«Անիկա 1990-ին իր ստեղծուած օրէն ի վեր պատմական արձանագրութիւններ  կը հաւաքէ սեփական եւ հանրային աղբիւրներէ, որոնց մեծ մասը տրամադրելի չեն հանրութեան եւ շատ դժուար է զանոնք վերարտադրելը»:

«Արձանագրութիւնները կը վերաբերին կորսուած գործերու, ինչպէս նաեւ` թանգարաններու, պետութիւններու, դրամատուներու, ապահովագրական ընկերութիւններու, օրէնքը կիրարկող սպասարկութիւններու եւ անհատներու կողմէ ներկայացուած պահանջներու»:

«Գողցուած արուեստի գործերու մարզին մէջ մեր ուշագրաւ դերը առիթ տուած է, որ վերայայտնաբերուին աւելի քան 160 միլիոն փաունտ արժողութեամբ գողցուած գործեր»:

«Մեր օգնութեամբ ի յայտ բերուած են Փիքասոյի պատկանող 29 գողցուած գործեր»:

«Անթիքս Թրէյտ Կազեթ» թերթին խմբագիրը` Իւան Մաքուիսըն կ՛ըսէ. «Ամէնէն աւելի գողցուած արուեստագէտներու ցանկին առաջին 10 անունները մտածել կու տան, թէ անոնք բոլորն ալ հանրածանօթ են, ունեցած են երկարամեայ ասպարէզ, հետեւաբար արտադրած են մեծ թիւով գործեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տակաւին շատ աւելի մեծ թիւով գործեր կան գողերու տրամադրութեան տակ»:

«Փիքասոյի գործերը անսպառ են եւ շատ արժէքաւոր, Շակալ ապրած է մինչեւ 97 տարեկան, Քարել Ափըլ գծել սկսած է պատանի տարիքէն եւ մեռած է 80-ական տարիքին: Ի զուր չէ, որ Էնտի Ուորհոլ իր արուեստանոցը կոչած է «գործարան» մը, որովհետեւ այստեղ կը խօսինք արուեստի արտադրութեան ճարտարարուեստական տարողութեան մասին»:

«Իսկ Տէյվիտ Լեւին զարմանալիօրէն 9 տարեկան էր, երբ իբրեւ պատկերազարդող քննութեան ներկայացած էր «Տիզնի» ընկերութեան եւ այնուհետեւ կերտած էր պատկերազարդող արուեստագէտի ասպարէզ մը` Ամերիկայի ամէնէն հռչակաւոր թերթերուն համար գծելով պատկերներ, որոնք կուռքի վերածուած են»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES