ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԷ ԱՆՑԱԾ ՓԻՔԱՍՈՆ

Փիքասօ «Կեռնիքա»-ն գծելու պատուէրը ստացած էր Սպանիոյ Հանրապետական կառավարութենէն` քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ պասքերու մայրաքաղաքին ռմբակոծումը պատկերելու համար:

ԱՆ «ԿԵՌՆԻՔԱ»-Ն ԳԾԱԾ ԷՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐ. ՖՐԱՆՔՈՅԻ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՐԺԱԾ ԷՐ ԶԱՅՆ ՍՊԱՆԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ` ՄԻՆՉԵՒ ԱՆՈՐ ՄԱՀԸ: ԱՅԺՄ ՓԻՔԱՍՈՅԻ ԱՌԱՍՊԵԼԻ ԿԱՐԳ ԱՆՑԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ ՍԿՍԱԾ Է ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԻՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿՐԱԾ ՍՊԻՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Ամէն գիշեր, երբ վերջին այցելուն դուրս կու գայ Մատրիտի Ռայնա Սոֆիա թանգարանէն, արուեստի այս մակարդակաւոր պատկերասրահին գեղանկարներուն նոր վերակացուն կեանքի կը կոչուի: Մասնագէտը կատարելագործուած կարողութիւններով նոր մարդամեքենայ մըն է, որ անցեալ շաբաթ սկսաւ իր ամէնէն սպառիչ վարժութեան` Փիքասոյի տարակարծութիւններու նիւթ դարձած գլուխ գործոցը` «Կեռնիքա»-ն ուսումնասիրելով: Անոր առաքելութի՞ւնը. ստուգել ճշգրիտ տարողութիւնը այն վնասին, զոր գեղանկարը կրած է իր փոթորկալից կեանքին 75 տարիներուն ընթացքին:

Երկաթգիծի մը վրայ հաստատուած մարդամեքենան «կը վազէ» 3.5 մ բարձրութեամբ եւ 7.8 մ լայնքով գեղանկարին մէկ ծայրէն միւսը: Ան կ՛օգտագործէ անդրկարմիր եւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներով լուսանկարչութեան նորագոյն արհեստագիտութիւնը` մինչեւ 25 հազարերորդ միլիմեթրի չափ փոքր մասեր առնելով միլիոնաւոր գերյստակ լուսանկարներու մէջ: Ապա ան պիտի կազմէ գեղանկարին երեք տարաչափութեամբ (երկայնք, լայնք, բարձրութիւն) իրականանման մէկ պատկերը, զոր վերանորոգութեան մասնագէտներ պիտի օգտագործեն գնահատելու համար գեղանկարին վիճակը:

«Կեռնիքա»-ն ապսպրուած էր Սպանիոյ Հանրապետական կառավարութեան կողմէ, որ Փիքասոյէն խնդրած էր ստեղծել 1937-ին Փարիզի Արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին առիթով Սպանիան ներկայացնող գործ մը: Արդիւնքը սեւ ու ճերմակ պատկերումն էր տանջուող կերպարներու, որոնք կ՛արտացոլէին այդ ժամանակներուն Սպանիան պատուհասած քաղաքացիական պատերազմին սարսափները: Գեղանկարին վերնագիրը անունն է հիւսիսային Սպանիոյ մէջ պասքերու պատմական մայրաքաղաքին, որ նոյն տարին ռմբակոծուած էր Սպանիոյ հետագայ բռնատէր զօր. Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի դաշնակից` ֆաշական Իտալիոյ եւ նացիական Գերմանիոյ կողմէ ուղարկուած օդանաւերով: Պատմաբաններու գնահատումով, այս յարձակումը խլած է շուրջ 1600 զոհ, իսկ Փիքասոյի պատկերումը պատահածին` դարձած է արդի արուեստի պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի ուսումնասիրուած գեղանկարներէն մէկը:

Փարիզի ցուցահանդէսէն ետք  գեղանկարը 20 տարի շրջած է աշխարհի թանգարանները: Տեղափոխութեան համար պաստառը ծալելը եւ դարձեալ բանալը մաշեցուցած է զայն, այնքա՛ն, որ կ՛ըսուի, թէ 1960-ական տարիներու կէսերուն Փիքասօ յայտարարած է. «Ա՛լ կը բաւէ»: Սակայն 1981-ին էր, որ «Կեռնիքա» իր վերջնական ուղեւորութիւնը պիտի կատարէր դէպի իր երկիրը` դուրս գալով Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանէն, որուն փոխ տրուած էր Փիքասոյի կողմէ, մինչեւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը Սպանիոյ մէջ:

Հաղորդակցութեան սպանական ընկերութիւն մը` «Թելեֆոնիքա», կը հովանաւորէ Ռայնա Սոֆիա թանգարանին մէջ ուսումնասիրական նոր ծրագիրը: Ընկերութեան մէկ յայտարարութեան համաձայն, ասիկա գեղանկարին «առողջական վիճակին առաջին ամբողջական ստուգումն է 1998-էն ի վեր, երբ նկատուած էր, թէ գեղանկարը կը գտնուէր «շատ անկայուն վիճակի մէջ»: Այդ ժամանակ կատարուած քննութիւններ «Կեռնիքա»-ի վրայ ի յայտ բերած էին 129 թերութիւններ, ինչպէս` ճեղքեր, ծալքեր, հետքեր եւ արատներ, որոնք վերագրուած էին գեղանկարին քաոսային պատմութեան: Այնուհետեւ արգիլուեցաւ գեղանկարին տեղափոխութիւնը:

Ռայնա Սոֆիա թանգարանը, ուր վերջնականապէս կայք հաստատեց գեղանկարը, 2008-ին դարձեալ Քէ. ճառագայթներով լուսանկարեց «Կեռնիքա»-ն` ստուգելու համար, թէ արդեօք անոր վիճակը աւելի վատթարացա՞ծ էր: Արդիւնքները ցոյց տուին, որ թէեւ թերութիւնները չէին բազմացած, սակայն գեղանկարը վնասուած էր  1974-ին խծբծումի մը յաջորդած վերանորոգութեան պատճառով: Կարգ մը քննադատներ ըսած էին, թէ անիկա կը գտնուէր վերանորոգութեան կարօտ «վտանգաւոր» վիճակի մէջ, մինչ ուրիշներ կը վիճէին, թէ անիկա ի վիճակի էր դարձեալ տեղափոխուելու: Այսուհանդերձ, մասնագէտներու կարծիքով, նոր ուսումնասիրութիւնը աւելի ամբողջական պիտի ըլլայ, քան` ցարդ կատարուած որեւէ ուսումնասիրութիւն, եւ ի վերջոյ նոր արդիւնքներուն հիմամբ պիտի վճռուի «Կեռնիքա»-ի իրական վիճակը:

«Ասիկա հիմնական իրագործում մըն է», կ՛ըսէ Կրանատայի համալսարանէն վերանորոգութեան մասնագէտ Թերեսա Էսփեխօ: Քէ. ճառագայթները վերանորոգողներուն առիթ կու տան տեսնելու «գեղանկարներուն ներսը» եւ քննելու պաստառին վիճակը, մինչդեռ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներով առնուած նկարները նաեւ ցոյց կու տան այն մասերը, որոնք վերստին ներկուած են եւ այն սխալները, որոնք գործուած են վերանորոգութեան ընթացքին, իսկ անդրկարմիր ճառագայթները ցոյց կու տան նոյնիսկ պատկերին ետին թաքնուած ճեպանկարները, ինչպէս կ՛ըսէ Էսփեխօ:

«Արհեստագիտական նման միջոցներ, ինչպէս` անդրմանիշակագոյն ճառագայթներով առնուած լուսանկարներ, կը գործածենք աւելի քան 20 տարիէ ի վեր: Սակայն ինչ որ նորութիւն է, անոնց թուային (տիճիթըլ) պահպանումն է նոյն համակարգիչին մէջ, որ կը գործածուի իբրեւ լուսանկարչական գործիք,- կը բացատրէ Էսփեխօ:- Հիանալի է ունենալ նման ճշգրիտ լուսանկարներու համադրումներ, որոնք, օրինակ, պիտի բացայայտեն գործածուած ներկերու տարբեր տեսակներուն բնոյթը»:

Մարդամեքենան «Կեռնիքա»-ի վրայ իր աշխատանքը աւարտելէ ետք պիտի սկսի ուսումնասիրել Ռայնա Սոֆիա թանգարանին մէջ արուեստի այլ հռչակաւոր գործեր: Ինքնին «Կեռնիքա»-ն պիտի դառնայ առանցքը 1930-ական տարիներու արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ աշնան:

Այսուհանդերձ, եթէ վերանորոգողները վճռեն, թէ գեղանկարը կը գտնուի տեղափոխելի վիճակի մէջ, ապա անիկա կրնայ կորսնցնել իր դիրքը իբրեւ Ռայնա Սոֆիա թանգարանին մէջ մնայուն կերպով ցուցադրուող արուեստի գործ մը: Փրատօ թանգարանին տնօրէնը` Միկել Զուկազա կը հաստատէ, թէ «Կեռնիքա» իրաւամբ կը պատկանի ի՛ր գլխաւորած թանգարանին, այնպէս` ինչպէս Փիքասօ նշած է իր կտակին մէջ: Կեռնիքայէն 32 քմ  հեռու` Պիլպաոյի Կուկենհայմ թանգարանը եւս պահանջ ներկայացուցած է այս գործին սեփականութեան:

Սակայն Ռայնա Սոֆիա թանգարանին տնօրէնը` Մանուէլ Պորխա-Վիլել սպանական «Ա. Պէ. Սէ.» օրաթերթին յայտնած է. ««Կեռնիքա»-ն այս թանգարանէն դուրս բերելը կը նշանակէ զայն դուրս բերել իր պարունակէն, եւ հարցը կը փակուի»: Ան նաեւ ժխտած է, թէ հեռաձայնած է Սպանիոյ մշակոյթի նախարարին, որպէսզի ապահովէ գեղանկարին մնայուն կեցութիւնը: «Նորութիւն չէ, որ պատկերասրահ մը կը ձգտի արուեստի գործեր առնել այլ պատկերասրահներէ: Կ՛երազէի ունենալ Էրմիթաժի պետական հաւաքածոն, սակայն միտքէս չ՛անցնիր հեռաձայնել Ռուսիոյ նախագահ Փութինին», կ՛ըսէ ան:

«ԿԵՌՆԻՔԱ»-Ի ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Փիքասօ 1937-ին Սպանիոյ Հանրապետական կառավարութենէն պատուէր կը ստանայ ստեղծելու արուեստի գործ մը` նշելու համար Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն իտալական եւ գերմանական ուժերու կողմէ պասքերու Կեռնիքա գիւղաւանին ռմբակոծումը ազգայնական ղեկավարներու պահանջով: Գեղանկարը նոյն տարուան վերջաւորութեան կը ցուցադրուի Փարիզի Արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին:

Երբ ցուցահանդէսը կ՛աւարտի, գեղանկարը կ՛ուղարկուի աշխարհի տարածքին շրջապտոյտի մը` գիտակցութիւն արթնցնելու համար ֆաշական ուժերու ի գործ դրած բրտութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` նիւթական աղբիւրներ ապահովելու համար հանրապետականներու դատին: Սկանտինաւեան շարք մը երկիրներ այցելելէ ետք «Կեռնիքա» կը ցուցադրուի Լոնտոնի Ուայթչեփըլ պատկերասրահին մէջ, 1939-ին:

Փիքասօ կը մերժէ արտօնութիւն տալ, որ գեղանկարը տարուի Սպանիա, որովհետեւ նոյն տարուան վերջաւորութեան Սպանիոյ ղեկը ստանձնած էր զօր. Ֆրանքոյի ազգայնական ղեկավարութիւնը:  «Կեռնիքա» կը վերադառնայ Ֆրանսա: Իսկ երբ 1939-ի վերջերուն Լեհաստան կ՛իյնայ նացիներու տիրապետութեան տակ, անիկա անմիջապէս նաւով կը փոխադրուի Նիւ Եորք եւ ապաստան կը գտնէ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին մէջ:

Գեղանկարը Միացեալ Նահանգներու տարածքին կը շրջի մինչեւ 1952: Անիկա Պրազիլ կ՛այցելէ 1953-1956: Այնուհետեւ կը ցուցադրուի եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ, կը վերադառնայ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարան, ապա կ՛ուղեւորուի դէպի Շիքակօ եւ Ֆիլատելֆիա: Գեղանկարին մաշումին առնչութեամբ մտավախութիւններ պատճառ կը դառնան, որ անիկա վերադառնայ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարան, ուր 1957-ին կ՛ենթարկուի իր առաջին վերանորոգութեան:

Փիքասօ կը մեռնի 1973-ին: Մէկ տարի ետք Վիեթնամի պատերազմին դէմ իր բողոքը յայտնելու համար Թոնի Շաֆրազի գեղանկարին մէկ ծայրէն միւսը ներկ սրսկելով կը գրէ. «ՔԻԼ ԼԱՅԶ ՕԼ» (սպանութիւն սուտեր ամբողջ) բառերը: Ան կը յայտարարէ, թէ գեղանկարին վրայ այս յարձակումը գործած է այժմէականացնելու համար զայն:  Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին պատասխանատուները կը վերանորոգեն գեղանկարը, սակայն գործընթացը վնաս կը պատճառէ պաստառին:

«Կեռնիքա» Սպանիա կը վերադառնայ զօր. Ֆրանքոյի մահէն ետք, 1981-ին: Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանը կը կորսնցնէ զայն տեղափոխելու դէմ իր վիճարկութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ Սպանիա տակաւին չէր վերածուած այն հանրապետութեան, որուն մասին կը նշէր Փիքասօ իր կտակին մէջ, իբրեւ պայման` գեղանկարին տուն վերադարձին:

«Կեռնիքա» 1992-ին Մատրիտի Փրատօ թանգարանէն կը տեղափոխուի Ռայնա Սոֆիա  Արուեստի ազգային կեդրոնական թանգարանը: Այնուհետեւ պասք ազգայնականններ կը վիճին, թէ գեղանկարը պէտք է զետեղուի Պիլպաոյի Կուկենհայմ թանգարանին մէջ: Անիկա կը շարունակէ ցուցադրուիլ Մատրիտի մէջ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES