ՆՈՐ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ
Քաղաքական բեմը այս շրջանին հանրութեան կը ներկայանայ նոր բեմադրութեամբ մը: Բեմադրութեան գլխաւոր դերակատարները թիւով երեք են, բայց անշուշտ այս բոլորին ետին կը կանգնի դերակատարներու հսկայական խումբ մը, որ թաքուն կերպով կը կատարէ իր դերը:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 23 յունուար 2012-ին: Այս թուականը յատկանշական է երեք գլխաւոր դերակատարներուն` Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ համար:
23 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:
Եւ այսպէս, երեք դերակատարները տարբեր իրավիճակներ պարզեցին: Հայաստանը` ուրախ, Ֆրանսան` հպարտ, Թուրքիան` ընդվզած:
Ֆրանսան` հպարտ էր, եւ այդ մէկը իր իրաւունքն էր, որովհետեւ հանրութեան ներկայացաւ որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ ջահակիր:
Թուրքիան ընդվզած ու զայրացած էր, եւ այդ մէկը իր իրաւունքն էր, որովհետեւ Ֆրանսայի առած քայլը ծանր հարուած մըն է միջազգային բեմին վրայ իր խաղացած քաղաքականութեան:
Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը ուրախացան եւ տօնեցին այս «յաղթանակը»: Այդ մէկը իրենց իրաւունքն էր, որովհետեւ այս որոշումը նպաստաւոր է հայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչման եւ իրաւունքներու վերատիրացման:
Սակայն հայերուս համար բաւարար չէ ուրախանալ ու ծափահարել… այլ պէտք է մտածել ու գործել:
Մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսպիսի քայլերէ օգուտ քաղել, մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսպիսի որոշումներ յաջողցնել այլ երկիրներու մէջ, եւ կարեւորագոյնը, մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հզօրացնել առաջնահերթ նկատուող մեր պետականութիւնը, որովհետեւ Ֆրանսան կամ Սարքոզին չեն, որ պիտի կառուցեն մեր երկիրը եւ պիտի պաշտպանեն մեր հայրենիքը: Փաստօրէն այս թատրերգութիւնը կրնայ դատապարտուիլ ձախողութեան, եթէ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը բեկանէ որոշումը:
Ֆրանսան այսօր մեր կողքին է քաղաքական բեմի «թատրերգութեան» մը իբրեւ արդիւնք: Ապագային ան մեր կողքին կրնայ չըլլալ` այլ «թատրերգութեան» մը հետեւելով:
Ուստի ողջունենք այս քայլը, ուրախանանք, տօնենք, բայց անշուշտ` առանց սահմանները անցնելու, ինչ որ դժբախտաբար պատահեցաւ եւ նոյնիսկ հասաւ այն աստիճանին, որ Գիւմրիի մէջ հայ ընտանիք մը իր նորածին մանուկը անուանեց Սարքոզի: Չմնանք տեղքայլի դաժան սահմաններուն մէջ, այլ միշտ ցանկանք աւելիին, միշտ աւելիին, որպէսզի հասնինք մեր նպատակներուն եւ չմոռնանք Յ. Շիրազի խօսքը.
«Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում,
Այս է մեզ ասում կեանքը այժմեան,
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել,
եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք,
միացեալ տեսնել հողը հայկական»:
ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

