Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ…

Կ՛ըսեն` պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ… Անձնապէս չեմ հաւատար ատոր, բայց հայ ժողովուրդին համար փետրուար ամիսը ձեւով մը կը հաստատէ այդ մէկը: 1921 փետրուար 18 եւ 1988 փետրուար 20… Երկու տարբեր թուականներ, երկու տարբեր ժամանակաշրջաններ, բայց արարքը եւ անոր նպատակը նոյնն է: Առաջինը ապստամբութիւն մըն էր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, իսկ երկրորդը` ժողովուրդի ամենակենսական իրաւունքներու պահանջատիրութեան սկիզբ մը…

Ո՛վ կը սպասէր, որ 1921 փետրուարին հազիւ նոր պատերազմէ եւ Եղեռնէ դուրս եկած ժողովուրդ մը վերստին զէնք բարձրացնէ եւ դէմ դնէ անիրաւութեան… Ո՛վ կը սպասէր, որ քանի մը տասնամեակներ առաջ կորսնցուցած հողի տէր ժողովուրդ մը, որ նոյնիսկ անկախ պետութիւն մը չունէր, 1988 փետրուարին կամքը եւ քաջութիւնը ունենայ զայն վերստին պահանջելու… Սակայն հայու կամքը, սարդարապատներով եւ ղարաքիլիսէներով սնանուած այդ հոգին նորէն երեւան եկան եւ փաստեցին, որ հայ ազգը այդ անզէն եւ թշուառ ճանչցուած ժողովուրդը չէ ա՛լ: Պէտք է նշել նաեւ, որ այս արարքներուն կարեւորութիւնը ոչ այնքան արդիւնքն է, որքան` սկզբունքի եւ իտէալի համար զոհողութիւնը ու վտանգը ի մտի ունենալը: Խենթութիւն էր համայնավարութեան դէմ  ելլելը  եւ յուսալ յաղթական դուրս գալ. բայց այդ քանի մը ամիս տեւած ապստամբութիւնը կենսական էր հայ ժողովուրդին համար:

Պահ մը երեւակայենք հայերու իրավիճակը, եթէ Փետրուարեան ապստամբութիւնը տեղի չունենար: Չեկայի 200 բանտարկեալները, որոնցմէ էին` Յովհաննէս Քաջազնունի, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան,  շատ հաւանաբար կացինահարուած պիտի ըլլային այդ ամիս, եւ մենք մինչեւ հիմա պիտի ողբայինք անոնց դաժան մահը: Այսպիսով հայ ժողովուրդը կորսնցուցած պիտի ըլլար հետագայի ղեկավարները, որոնք աւելի ուշ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենային սփիւռքի ղեկավարման, կազմակերպման, «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ի գաղափարի պահպանման ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցման իմաստով: Նոյն սերունդները, որոնք հետագային մեզի տուին Լիզպոնը, անկախ ներկայ Հայաստանը եւ նոյնիսկ Շուշին:

Ճիշդ է, որ այդ ժամանակ, 1921-ին,  համայնավարութիւնը ճզմեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ անոր հետ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը հայրենիքին մէջ… Այո՜, զոհեր տուինք այդ բանտերուն մէջ, ինչպէս Համազասպը եւ անոր պէս աւելի քան յիսուն հայրենասէր գործիչներ… Բայց առանց այդ արարքին` կորուստը շատ աւելի ծանր պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին համար: Փետրուարեան ապստամբութիւնը անգամ մը եւս եկաւ յիշեցնելու, թէ հայը, ո՛ւր ալ ըլլայ, ե՛րբ ալ ըլլայ,  կառչած կը մնայ իր ազատութեան եւ ազգային արժանապատուութեան… Եւ այս մէկը կրկնուեցաւ 67 տարիներ ետք, այդ նոյն վարչակարգին մէջ, որ ներկայիս նոյնիսկ գոյութիւն չունի, այս անգամ` Արցախի մէջ, երբ պահանջատիրութեան բողոքի եւ Հայաստանի հետ վերամիանալու փափաքի ձայնը բարձրացաւ եւ իրականութիւն դարձաւ:

Կը մնայ սպասել,  որ ապագային, մէկ կողմէն այս նոյն փափաքի կոչը բարձրանայ այս անգամ միացնելու համար սփիւռքահայը իր հայրենիքին եւ զայն ազատելու ձուլման վտանգէն, միւս կողմէն` ազատութեան կոչերը բարձրանան ազատելու համար տակաւին շղթայուածները, ինչպէս, օրինակ, Ջաւախք, Նախիջեւան, Արեւմտահայաստան…

ՍԵՊՈՒՀ ՏՕՆԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES