Ա՛Լ ԿԸ ԲԱՒԷ ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻՆԵՐ ԾՆԻՆՔ
Ֆրանսա անգամ մը եւս իր մատը դնելով հայութեան սպիին վրան` յաջողեցաւ բոլորիս ուշադրութեան կիզակէտը դարձնել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կասեցնող իր փորձերը: Ան դարձեալ հանդէս գալով իբրեւ արդար եւ իրաւունքներու պաշտպան երկիր` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը դրաւ սեղանի վրայ:
Մինչ շնչակտուր կը հաշուէինք ծերակուտականներուն ձայները, երգեցինք հրապարակին վրայ եւ շնորհակալական պսակներ հիւսեցինք այն բոլորին շուրջ, որ Ֆրանսայի հետ կապ ունի: Ներկայիս նոյնքան սրտատրոփ կը սպասենք նախագահին ստորագրութեան եւ Սահմանադրական ատեանի որոշումին: Ֆրանսա անգամ մը եւս իր շահերէն մեկնած, մատը սեղմելով մեր ամէնէն խնդրական վէրքին վրայ, նոր յոյսերով օրօրեց մեր հոգիները: Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւրամեակի սեմին օգնեց մեզի «կոլ» մը նշանակելու գէթ քաղաքական դաշտին մէջ:
Պայքարի մեր ճակատամարտերը շատ են. ստիպուած ենք անգամ մը պայքարիլ ժխտման դէմ, անգամ մը մենք մեզի դէմ, անգամ մը անհանդուրժողականութեան դէմ: Քաջ գիտենք, որ անցեալին լիզպոններու յաղթութեան ճամբով կատարուած գործելաձեւը փոխարինուած է «խաղաղ» ճամբով ծաւալող պայքարով: Տակաւին, կ՛արձանագրենք Աւարայրի ճակատամարտերու «յաղթանակներ» ու կը բաւարարուինք անհանգստացնելով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան երթը:
Ֆրանսա քրէականացուց Ցեղասպանութիւնը ժխտող օրինագիծը, բայց տակաւին խնդրոյ առարկան կը մերժէ ընդունիլ իր գործած աւերը: Տակաւին Թուրքիա կը շարունակէ իր երիտասարդութեան արեան մէջ սրսկել ցեղապաշտութիւնն ու այլամերժութիւնը: Տակաւին կը շարունակէ յետաձգել Հայ դատի լուծման օրը: Թուրքիա իր մարդուժը կը ցրուէ աշխարհին տարածքին` համոզելու, աշխատելու, հակահայկական քարոզչութիւն ծաւալելու: Թուրքիա իր կրօնը կ՛օգտագործէ Միջին Արեւելք թափանցելու:
Իսկ միւս կողմէն` հայութիւնը կը սպասէ, որ հոտած պանիրի երկիրներու եւ ձուլման անօթ «մելթինկ փոթ» քաջալերող պետութիւններուն կողմէն ցեղասպանութիւն բառը լսուի:
Եթէ այս աշխատանքը Լիզպոնի տղոց սկսած աշխատանքն է, ապա անոնք էին յարմար պահը ստեղծողը, իսկ ներկայիս յարմար պահն է մեզ ստեղծողը: Լիզպոնի տղաքը պիտի չուզէին միայն յարմար պահու ենթարկուողներ ծնիլ: Իսկ եթէ իսկապէս յարմար է քաղաքական ուժերով տիրանալ մեր իրաւունքներուն, թող այդ մէկը ըլլայ մեր որոշումին ուժերով:
Ա՛լ կը բաւէ Իսրայէլ Օրիներ ծնինք…
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

