ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

Անցնող ամսուան ընթացքին, երկու յաջորդական օրեր առիթ դարձան վերստին յիշելու հայ յեղափոխական շարժման մէջ կարեւորագոյն դէմքերէն Ռոստոմը: Յունուար 18 եւ 19: Առաջինը` Ռոստոմի ծննդեան օրը, երկրորդը` մահուան: «Զաւարեանական Էջ»-ի այս թիւով կ՛ուզէինք անդրադառնալ Ռոստոմ տիպարին, ու այդպիսով վերակենդանացնել, գէթ էջի մը վրայ, գէթ յօդուած մը կարդալու տրամադրուող վայրկեաններու ընթացքին, Ռոստոմի արժանիքներէն հիմնականները:

Սակայն ինչո՞ւ անդրադառնալ մարդուն, ինչո՞ւ խօսիլ անհատի մը մասին: Անշուշտ գովաբանութեան նպատակով չէ ատիկա, Ռոստոմ հաւանաբար ինք ըլլար այդ պարագային ամէնէն աւելի խրտչողը, այլ որովհետեւ իրականութիւն է, որ հասարակութիւն մը ուրիշ ոչինչ է, եթէ ոչ` անհատներ միասին հաշուուած: Հասարակութեան մը արժէքը, նմանապէս, իր անհատ մասնիկներուն արժէքներու ձուլումն է: Ուստի որեւէ հաւաքականութեան համար չեն բաւեր քաղաքական, գաղափարական, մտաւոր վերլուծութիւնները, տեսութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները, որքան ալ արժէքաւոր ըլլան անոնք, եթէ այդտեղ թերի են անհատները: Այդ իսկ առումով, անհրաժեշտ է գաղափարներու կողքին ուսումնասիրել նաեւ օրինակելի եւ արժէքաւոր տիպար անհատները, դասեր քաղել անոնցմէ ու յուսալ` այդ ձեւով վերակենդանացնել Ռոստոմի նմաններուն արժանիքները, դիմադրելու համար բարոյապէս կամ գործնապէս վատառողջ երեւոյթներու:

Պատասխանատուութիւն է անշուշտ Ռոստոմի նման անհատականութիւն մը ներկայացնելը, այդ իսկ պատճառով կը դիմենք նախ պատմական փաստերուն, ապա՝ անոր գաղափարի եւ գործունէութեան ընկերներէն ոմանց հրատարակութիւններուն, ուր անո՛նք է, որ ներկայացուցած են Գործիչին կարգ մը արժանիքները:

Ռոստոմ ունէր անշուշտ գաղափարական լայն միտք, եւ անոր ամէնէն ցայտուն դրսեւորումներէն կարելի է սեպել իր  հիմնական մասնակցութիւնը ՀՅԴ անդրանիկ ծրագիրի խմբագրութեան, ուր իր գրիչով է, որ գրուեցաւ «Ընդհանուր տեսութիւն» գաղափարախօսական բաժինը: Սակայն Ռոստոմի հրատարակութիւնները թիւով շատ չեն, քանի որ ԳՈՐԾն էր Ռոստոմի համար էականը: Կը թողունք, որ պատմութեան մէջ արձանագրուած փաստերը ապացուցեն Ռոստոմի Գործի հանդէպ հաւատքն ու նուիրումը: Հետեւեալ շարքին մէջ գտնուող դէպքերը կը պարտինք Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման. Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ: ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը: 1890-ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը: Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման համար պայքարող շարժումներու հետ ռազմավարական գործակցութեան յառաջացումը: 1903-ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով` համազգային ծառացման կազմակերպումը:  Որդեգրումը «Կովկասեան նախագիծ»-ին, արեւմտահայութեան ազգային ազատագրումի դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը: 1905-ին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը: 1907-ի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը` աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ: 1908-ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար միջազգայնականին: Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական դպրոցին հիմնումը: Պարսկական սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը: 1913-ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը` Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ:

Ահաւասիկ վերոյիշեալ յիշատակելի պատմական դէպքերուն մէջ Ռոստոմի ներդրումը, որ ինքնին արդէն խօսուն է ու բաւարար` ի յայտ բերելու Ռոստոմի արժանիքներէն թերեւս մեծագոյնը` անդուլ աշխատանք, եւ հաւատք Գործի հանդէպ: Այստեղ կը մէջբերենք Վ. Նաւասարդեանի տողերը, որոնք տեղ կը գտնեն «ՀՅԴ գաղափարաբանութիւնը» հրատարակութեան մէջ, ուղղակիօրէն Ռոստոմի կեանքին մէջ գտնելու համար անոր գործի եւ գործելու տուած կարեւորութիւնը.

«(…)Ռուս յեղափոխական աշխարհը, որի հզօր կնիքը կայ Դաշնակցութեան վրայ, մոլեռանդ սիրահարը մնաց Խօսքի, մինչ Դաշնակցութիւնը` Գործի:

«Երկու յուշ միայն` այս կարեւորագոյն պարագան առանձնաբար ընդգծած լինելու համար:

«Ժընեւ էի, ռուս յեղափոխականների մի ժողովում, – ասաւ մի օր աննման Վարպետը մեր կուսակցութեան` Ռոստոմը` իր իմաստուն եւ հեգնախառն ժպիտը դէմքին, – վէճ կար այն մասին, թէ ահաբեկում պէ՞տք է կատարել, թէ՞ ոչ. վիճեցին մինչեւ ուշ գիշեր: Ես լուռ էի: Երբ ժողովը փակուեց, երիտասարդներից մի քանի հոգի ինձ միացան` մինչեւ տուն ինձ ուղեկցելու համար: Սրանք նոյն կրքոտ վէճը շարունակեցին նաեւ ճանապարհին, մինչեւ իմ տունը: Ես դարձեալ լուռ էի: Երբ մեր տան դուռը հասանք, սրանցից մէկը, որ նոր նշմարած էր իմ լռութիւնը, յանկարծ դարձաւ ու ասաց. «Ընկ. Ռոստոմ, դուք լուռ մնացիք ամբողջ ժամանակ, մենք ձեզ չլսեցինք: Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ ձե՛ր կարծիքը. պատմափիլիսոփայօրէն ու քաղաքականապէս ահաբեկումը ձեզ համար անդառնալիօրէն ճշդուած սկզբու՞նք է արդեօք»: Այս հարցնողը, նկատեց Ռոստոմ, ճանաչում էր մեզ եւ մեծ կարծիք ունէր Դաշնակցութեան մասին: Ես դարձայ եւ ասի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը այդքան խօսի, նա գործ չի կատարի»: Եւ ընդհանուր ծիծաղի մէջ մենք բաժանուեցինք իրարից»:

Միւս յուշը դարձեալ կապուած է իր անուան:

Որքան յիշում եմ` 1907-ին էր. մի քանի օրով հիւր էր Պաքւում` այնտեղից Վիեննա` Ընդհանուր Ժողովին մեկնելու համար: Օգտուելով առիթից` ընկերները խնդրեցին, որ մեր անզուգական մարտավարը մի զրոյց ունենայ մեզ հետ Դաշնակցութեան գործելակերպի մասին: Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Պաքուի ծանօթ ընկերներից բժ. Գր. Սաղեանի բնակարանում: Ռոստոմը, միշտ նոյն հեգնախառն եւ իմաստուն ժպիտը դէմքին, իր զրոյցը բացաւ հետեւեալ նախադասութեամբ.

– «Այնքան շատ գործով տարուեցինք, որ խօսելն իսկ մոռացանք»:

(Վ. ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ)

Հակառակ իր իրագործումներուն եւ անոնցմէ եկած համբաւին` Ռոստոմ երբեք չէ շահագործած իր վաստակը, այլ ընդհակառակը, մնացած է պարզ ու համեստ. չէ փորձած դառնալ տէր, այլ մնացած է խոնարհ ծառայողը ժողովուրդին ու կուսակցութեան: Այն իրողութիւնը, թէ Ռոստոմ նոյնքան եռանդով նուիրուած է կազմակերպութեան տուած այն որոշումներուն, որոնց ինք անձնապէս համաձայն չէր, փաստ մըն է իր համեստութեան: Իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութիւնը նախ եւ առաջ լիովին կը գործադրէր ինքն իր վրայ` ինքզինք չտարբերելով ուրիշէն: Ռոստոմի այս արժանիքին` համեստ նուիրուածութեան կ՛անդրադառնայ նաեւ իր ընկեր Միքայէլ Վարանդեանը` հետեւեալ տողերով.

«Եւ ահա Ռոստոմը: Նա ինքն էլ խոշոր «լրացուցիչ» մըն էր, ինքն ալ ոչ պակաս անհրաժեշտ Երրորդութեան մէջ` թէ՛ իր նուրբ իմացականութեամբ եւ թէ՛ իր աւելի հանգիստ, հարթ ու հաւասարակշռուած խառնուածքով: Միայն գիտէր ինքզինք ջնջել միւսներու առջեւ,  եւ այդ կ՛ընէր սիրով, բնականօրէն, առանց ցոյցի ու կեղծ համեստութեան: Մեծամոլութեան արատը, որ իր հիւանդագին արտայայտութիւններով այնքան յատուկ է հայ մտաւորականին առհասարակ, խորթ, օտար էր մեր Երրորդութեան անդամներուն, այն օտար էր մանաւանդ Ռոստոմին: Դժուար է գտնել մեր հին ու նոր, ռուսահայ ու թրքահայ բարձր մտաւորականութեան շարքերուն մէջ ուրիշ դէմք մը, որ լինելով ի բնէ այնքան լայնօրէն օժտուած, ունենալով խելքի, հիւմուրի, արիութեան ու անձնազոհութեան այնքան առատ պաշար մը, միեւնոյն ժամանակ այն աստիճան զերծ լինէր ինքնապաշտումի, փառասիրութեան, ունայնամտութեան հակումներէն, ինչպէս Ռոստոմ:

«Կատարե՜նք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդի հանդէպ… Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր… ունայնութիւն ունայնութեանց… Այդպէս կ՛ըսէր մեզի անոր մշտազուարթ ու ժպտուն դէմքը, անոր իւրաքանչիւր խօսքը եւ ժեսթը:

Գիծ մը, որ այնքան կը գեղեցկացնէ գաղափարական գործիչը, կու տայ անոր փայլ ու հրապոյր, կը դարձնէ զայն մտաւորականութեան ու զանգուածներու սիրելին» (Միքայէլ Վարանդեան):

Այսպէս, ուրեմն, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, կեանքէն դառնանալու ուղղակի պատճառներ չունեցող Ռոստոմ, իր մարդասիրութենէն ու ազգասիրութենէն մեկնելով, ամբողջ կեանք մը կը նուիրէ իր հաւատացած գաղափարներուն, գործելո՛վ սակայն, մնալով միշտ ճակատի վրայ, ժողովուրդի՛ն հետ, միշտ մնալով համեստ մասնիկ մը ժողովուրդէն: Կը դառնայ մեծ իր գործո՛վ, ո՛չ մեծ երեւելու բռնազբօսիկ ճիգերով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES