«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԻՐ ԻՆԸ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Նախորդ ամիսներուն «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը շահեկան եւ համապարփակ հարցազրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Կորիւն արք. Պապեանի հետ, որ երկար տարիներ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ ծառայելէ ետք, Անթիլիաս վերադարձած է Քուէյթէն, ուր անցնող ինը տարիներու ընթացքին ամենայն ձեռնհասութեամբ կը վարէր Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնը:

Սրբազան հայրը ծնած է 1941-ին, Պուրճ Համուտի Արագած թաղը: Յաճախած է Նոր Սիսի` ներկայիս «Աքսոր Գասարճեան», իսկ այն օրերուն «Լուսինեան» կոչուած ազգային վարժարանը: Իր միջնակարգ ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ: 1957-1958 ուսումնական տարեշրջանին ընդունուած է դպրեվանք, ուր տակաւին պատանեկան տարիքին ցուցաբերած է գրական շնորհքներ. հետագային լոյս ընծայած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ:

1961-ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, ձեռնադրուած է կուսակրօն հոգեւորական, որմէ ետք պաշտօնավարած է դպրեվանքին մէջ որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ: Այնուհետեւ գործուղուած է Սուրիա` Գամիշլի, ուր ծառայած է չորս տարիներ` որպէս ուսուցիչ տեղւոյն միջնակարգ վարժարանին մէջ եւ միաժամանակ վարած է Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը:

1967-ին Խորէն Ա. երանաշնորհ հայրապետի կարգադրութեամբ մեկնած է Անգլիա, Օքսֆորտի համալսարանին մէջ մասնագիտանալու համար աստուածաբանութեան եւ հայագիտութեան ճիւղերուն մէջ: Ուսանողական դժուար տարիներ անցընելէ ետք, 1976-1977 ուսումնական տարեշրջանին վկայուած է տոքթորայի (Ph.D.) աստիճանով: Իր աւարտաճառի նիւթը եղած է «Հայոց եւ վրաց եկեղեցիներու յարաբերութիւնները` սկիզբէն մինչեւ անոնց խզումը»: Յիշեալ աւարտաճառը, գրուած` անգլերէնով, լոյս տեսած է որպէս գիրք` բաղկացած շուրջ 450 էջերէ, 2001 թուին Անթիլիասի տպարանէն, արժանանալով «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին:

1977-ին վերադառնալով Անթիլիաս` երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, հիմնած է Անթիլիասի մէջ «Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան դասընթացք»-ը` որպէս վարիչ: Սոյն դասընթացքը մեծ ընդառաջում գտնելով` իր առաջին կիսամեակը աւարտած է աւելի քան 300 մասնակցողներով:

1978-ին, հազիւ սկսած իր ուսուցչական ասպարէզին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն, կարճ շրջանի մը համար ուղարկուած է Իրան` Նոր Ջուղա, Սպահան` որպէս առաջնորդական տեղապահ, երբեմնի Իրանա-Հնդկաստանի հայոց պատմական թեմին: Սակայն այս անգամ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան եւ շուտով անոր յաջորդող ութամեայ Իրան-Իրաք պատերազմին պատճառով մնացած է Նոր Ջուղա: Հետագային, երկրին եւ գաղութին մէջ պատահած այլ ծանրակշիռ խնդիրներու բերումով եւ յատկապէս համայնքի շահերը պաշտպանելու նպատակով, առանց յուսահատելու, ան ծառայած է թեմին` որպէս առաջնորդ, շուրջ  25 տարիներ:

Երկրի եւ համայնքի ամէնէն տագնապալից եւ դժուարին տարիներու ընթացքին, ամենայն խոհեմութեամբ եւ քաջութեամբ վարած է թեմի գործերը: Այցելած է ռազմաճակատ բազմաթիւ անգամներ` վտանգելով իր կեանքը: Կորիւն սրբազանը իր ցուցաբերած ամբողջական նուիրումով եւ կորովի ղեկավարութեամբ, իր անջնջելի դրոշմը դրած է Նոր Ջուղայի առաջնորդանիստ Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի կրօնական, մշակութային եւ ազգային առաքելութեան վրայ` վայելելով առհասարակ ամբողջ իրանահայութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի պետական բարձրագոյն շրջանակներու յարգանքն ու գնահատանքը:

Առանց այլ մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` կ՛արժէ յիշել, որ Կորիւն սրբազանը եղած է Նոր Ջուղայի աւելի քան 400 տարիներու պատմութեան մէջ առաջին եւ միակ հոգեւորականը, որ շուրջ 25 տարիներ շարունակաբար եղած է Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի առաջնորդ:

2002-ի մարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով վերադարձած է Անթիլիաս եւ անմիջապէս նշանակուած է կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմին: Ան պէտք էր մնար Քուէյթ շուրջ երկու տարի` վերակազմակերպելու համար թեմը, սակայն Քուէյթի եւ համայնքի կեանքին մէջ ստեղծուած շարք մը լուրջ դժուարութեանց պատճառով, վեհափառ հայրապետի տնօրինութեամբ, պարտաւորուած եղած է այս թեմին ծառայել շուրջ ինը տարիներ:

Անցնող տարիներու ընթացքին սրբազան հայրը Քուէյթի եւ թեմի  շրջաններուն մէջ ունեցած է շինարարական, կազմակերպչական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն: Կապեր հաստատած է թէ՛  Քուէյթի պետական շրջանակներուն եւ թէ՛ այլ երկիրներու դեսպանատուներուն հետ: Տեղական արաբատառ եւ անգլիատառ մամուլի լրագրողներուն հետ իր ունեցած յաճախակի հարցազրոյցներով կատարած է կարեւոր աշխատանք` Քուէյթի հայ համայնքն ու առհասարակ հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու մշակոյթը, եւ յատկապէս Հայ դատը օտարներուն ծանօթացնելու տեսակէտէն:

Մեր նպատակը չէ այստեղ ներկայացնել սրբազան հօր անձնուէր հոգեւորականի կենսագրութիւնն ու անոր ունեցած շուրջ 50 տարիներու գործունէութեան ամբողջական պատկերը: Նման աշխատանք կատարելու համար բնականաբար պէտք ունինք շատ աւելի երկար ժամանակի եւ ուսումնասիրութեան:

Մեր հարցազրոյցին նպատակն է ստանալ կարգ մը շահեկան տեղեկութիւններ` ընդհանրապէս սրբազան հօր անցեալի գործունէութեան եւ յատկապէս Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի ներկայ վիճակի մասին:

Կորիւն սրբազան քարոզի պահուն

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ որոշեցիք եւ ինչպէ՞ս յաջողեցաք վերջապէս վերադառնալ ձեր հոգեւոր տունը` Անթիլիաս. իսկ ինչո՞ւ, յատկապէս այս օրերուն, երբ մարդիկ կը վախնային Լիբանան գալ, երկրի քաղաքական անորոշ կացութեան պատճառով:

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ.- Ձեր հարցումին պատասխանելէ առաջ թոյլ տուէք, որ  շնորհակալութիւն յայտնեմ ձեզի` ձեր կողմէ ինծի ընծայուած այս առիթին համար: «Վանայ ձայն»-ի ազգայնաշունչ եւ հայատրոփ այս Ձայնը արդէն շատոնց է, որ լսելի կը դառնայ ո՛չ թէ միայն լիբանանահայութեան, այլ հաղորդակցական արդի միջոցներու շնորհիւ` աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած հայկական գաղութներուն: Անձնական փորձառութեամբ գիտենք, որ շատ է թիւը Լիբանանէն դուրս ապրող հայերու, որոնք ամբողջ օրը կը հետեւին «Վանայ ձայն»-ի հաղորդումներուն:

Գալով ձեր հարցումին, կ’ուզէի նախ եւ առաջ հաստատում մը կատարել: Ես կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր առաջնորդ սրբազան հայր պէտք է գիտնայ, իր թեմական ծառայութեան շրջանին, ճիշդ ժամանակին հրաժեշտ տալ իր պաշտօնին: Այս հաստատումը կը վերաբերի նաեւ բոլոր այն աշխարհականներուն, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց պատկանած միութիւնը կամ կազմակերպութիւնը չի կրնար գոյատեւել, եթէ իրենք եւ միայն իրենք աթոռի վրայ չըլլան:

Չեմ ուզեր աւելի խորանալ այս նիւթին մէջ: Իմ համեստ կարծիքով, երբ առաջնորդ մը փափաքի իր պաշտօնէն զերծ կացուցուիլ, իր խնամքին յանձնուած համայնքի անդամները` երախտագիտական ջերմ զգացումներով լեցուած, պէտք է խնդրեն, որ ան չմեկնի իր թեմէն, քանի որ խիստ կարիքը ունին իր առաջնորդութեան: Գէթ իմ պարագայիս, ճիշդ այսպէս եղաւ:

Բայց եկէ՛ք` ընդունինք, որ ի վերջոյ սահման մը կայ. կեանքը կը պարտադրէ մեզի, կամայ թէ ակամայ, այդ սահմանին վրայ կանգ առնել եւ մտածել` գալիք տարիներու ընթացքին մեր ընելիքներուն մասին:

Յամենայն դէպս ես համոզուած էի, որ արդէն բաւարար չափով, այսինքն` շուրջ 40 տարի, տարբեր հանգամանքներով ծառայած էի թեմերուն մէջ: Նաեւ` յատկապէս ապագայի ծրագիրներուս իրագործման նպատակով, իմ տունդարձի ճիշդ ժամանակը եկած էր:

Կ’ուզեմ խոստովանանքի նման մտերմօրէն յայտնել ձեզի հետեւեալը: Այն, ինչ որ 20 տարեկանիս` կուսակրօն ձեռնադրութեանս ժամանակ ես ծրագրեր էի ունենալ որպէս կեանքի ուղեգիծ եւ նպատակ, դժբախտաբար այն կարելի չեղաւ իրագործել: Սփիւռքահայութեան պարտադրուած պայմաններու բերումով, հակառակ իմ կամքիս, ես ստիպուեցայ շուրջ  40 տարի առաջնորդական պաշտօն վարել եւ այդ տարիները յաճախ լեցուն էին անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւններով:

Սակայն գիտակցաբար մոռնալով անձնական նախասիրութիւններս, ինչպէս նաեւ զոհելով տարիներ շարունակ փայփայած ծրագիրներս` ես գերադասեցի ունենալ անանձնական ուրախութիւնը` յօգուտ համայնքի ընդհանրական շահերու: Փորձեցի` իմ կարողութեանց ներած չափով օգտակար հանդիսանալ ժողովուրդի կարիքներուն. առաջնահերթ համարեցի անոր ֆիզիքական ապահովութեան խնդիրը, քան թէ` իմ անձնական հանգիստն ու ապահովութիւնը: Իմ գործունէութեան ընթացքին ամէնէն շատ զիս մտահոգողը եղաւ նոր սերունդի կրօնական դաստիարակութեան եւ հայեցի նկարագրի կերտման խնդիրը:

Ահա այդ կերպով յաճախ տրուեցաւ ինծի  անանձնական ուրախութիւնը, կրնանք ըսել` կեանքս իմաստաւորած ըլլալու բացառիկ երջանկութիւնը: Ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ ես ունեցայ նաեւ հոգեկան բաւարարութեան պահեր, երբ տեսայ, որ իմ թափած ճիգերս ի դերեւ չեն ելած, այլ ընդհակառակը, մարդոց սրտի ակօսներուն մէջ իմ ցանած աւետարանի եւ հայրենասիրութեան ոսկի սերմերը ծլարձակեր ու հասուն հասկեր են կազմած:

Այս բոլորէն ետք կ’ուզեմ յատուկ ընդգծել, որ 2011 տարին ես կը համարեմ կեանքիս մէջ անկիւնադարձային եւ նշանակալից տարի մը, քանի որ, ինչպէս ձեր ներածականին մէջ նշեցիք, ծնած եմ 1941-ին, ձեռնադրուած` 28 մայիս 1961-ին: Ուստի այս տարի ծննդեանս 70-ամեակն է, իսկ ձեռնադրութեանս` 50-ամեակը: Փաստօրէն կէս դար անսակարկ նուիրում եւ ծառայութիւն մեր ժողովուրդին, միշտ հաւատարիմ մնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբազան առաքելութեան:

Ճիշդ է, արտակարգ պայմաններու բերումով ես պարտաւորուեցայ տասնամեակներ մայրավանքէն հեռու ապրիլ, սակայն միշտ իմ փափաքս էր դուրս գալ առաջնորդներուն վիճակուած վարչական-ժողովական մաշեցնող կեանքէն եւ նուիրուիլ, վանական աւելի խաղաղ մթնոլորտի մէջ, ներհայեցողական ու մտաւորական կեանքի, միաժամանակ բերելու իմ համեստ նպաստը կիլիկեան մեր Սուրբ Աթոռի ծաւալուն գործունէութեան:

Նախ Լիբանանի երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմը, ապա Իրանի Իսլամական Յեղափոխութիւնը, այնուհետեւ ամերիկեան բանակի Քուէյթէն Իրաք մուտքը, Իրաքի եւ Ծոցի երկիրներու մէջ ստեղծած ամբողջութեամբ նոր կացութիւնները, առաւել` թեմի ներազգային կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը լուրջ դժուարութիւնները հարթելու հրամայականը պատճառ դարձան, որ  յաջորդական կաթողիկոսներ իմ ներկայութիւնը այդ թեմերուն մէջ անհրաժեշտ համարեն:

Սակայն անցնող երեք տարիներու ընթացքին ես շարունակաբար կը խնդրէի վեհափառ հայրապետէն զիս զերծ կացուցել կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնէն:  Վեհափառը` խորապէս մտահոգ Քուէյթի մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը հրատապ հարցերով` հայրաբար կը թելադրէր քիչ մըն ալ համբերել…: Վերջապէս անցեալ տարի, մօտաւորապէս այս օրերուն, վեհափառը իր սկզբունքային հաւանութիւնը տուաւ իմ խնդրանքիս:

Թեմը վերջնականօրէն ձգելու իմ որոշումս ես յայտներ էի նաեւ Թեմական ժողովին, 2010-ի մարտին. իսկ 2010-ի սեպտեմբերին իմ խնդրանքը գրաւոր ձեւով ներկայացուցի Արամ Ա. կաթողիկոսին: Թէեւ վեհափառը իրեն ծանօթ յարգելի պատճառներով կը ստիպէր, որ շարունակեմ մնալ պաշտօնիս վրայ, գէթ` մինչեւ 2011-ի յունիսի վերջը, սակայն այս անգամ ես մնացի իմ որոշումիս վրայ հաստատ եւ ահա, ինչպէս գիտէք, այս տարուան 1 փետրուարէն սկսեալ արդէն վերջնական կերպով վերադարձած եմ մայրավանք` Անթիլիաս:

Հ.- Նախքան Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի հայութեան անցեալի եւ ներկայի վիճակին անդրադառնալը, կ’ուզէինք խօսիլ ձեր թեմի աշխարհագրական  սահմաններուն մասին: Նաեւ կը խնդրենք յայտնել, թէ ո՛ր երկիրներու մէջ կազմակերպուած համայնքներ ունինք. կարելի՞ է նաեւ թիւերու լեզուով խօսիլ:

Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանը

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ.- Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի սահմաններուն մէջ կը մտնեն, առաջին հերթին, Քուէյթը, որ թեմի ամէնէն հին, լաւ կազմակերպուած, հարիւր տոկոս հայախօս եւ հայաշունչ գաղութն է, աւելի քան 50 տարուան անցեալով: Թէեւ վերջին տարիներուն շնչագրութիւն չէ կատարուած, սակայն դպրոցի աշակերտութեան թիւէն եւ այլ տուեալներէ մեկնելով, տեղւոյն հայութեան թիւը կը կարծենք, որ առնուազն 3000¬3500 շունչ պէտք է ըլլայ: Յետոյ կու գայ Միացեալ Էմիրութեանց ամբողջ շրջանը: Հայութիւնը այստեղ կեդրոնացած է գլխաւորաբար Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ, ուր մեծաւ մասամբ Իրանէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն եկած հայեր սկսած են աստիճանաբար հաստատուիլ 60¬ական թուականներէն սկսեալ: Սակայն ազգային¬կրօնական կեանքը կազմակերպուած է Քուէյթէն աւելի ուշ` 1980¬էն սկսեալ, երբ նախ նշանակովի եւ ապա ընտրութեամբ կեանքի կոչուած են առանձին ազգային վարչութիւններ: Անշուշտ միւս մեծ ու փոքր էմիրութեանց մէջ ալ կան հայեր, սակայն անոնց թիւը քիչ ըլլալուն պատճառով կարելի չէ եղած այնտեղ ազգային կառոյցներ ստեղծել:

Դժուար է այս շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան վերաբերեալ յստակ թիւեր տալ, երկու պատճառներով: Առաջին, շատեր կու գան պաշտօնով, առանձին կամ ընտանիքով եւ քանի մը տարի ետք կը տեղափոխուին: Երկրորդ`  մեծ է թիւը անոնց, օրինակի համար` Տուպայի մէջ, որոնք անտարբերութեան կամ յարգելի պատճառներով ո՛չ Շարժայի մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը յաճախեն եւ ո՛չ ալ իրենց զաւակները միօրեայ վարժարան կը բերեն:

Վերոյիշեալներէն զատ, կը խօսուի շուրջ 2000 (երկու հազար) հայաստանցիներու մասին, որոնք կ՛ապրին Շարժայի եւ կամ յատկապէս Տուպայի մէջ: Անոնք, հազուադէպ բացառութեամբ, կապ չեն պահեր հայ համայնքին հետ:

Յամենայն դէպս Միացեալ Էմիրութեանց մէջ ապրող հայերու թիւը չորս հազարէն աւելի է. սակայն, հակառակ մեր թափած ճիգերուն, մինչեւ իսկ բարերարն ալ գտնուելէ ետք, դժբախտաբար մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած շուրջ 150 աշակերտ¬աշակերտուհիներ ունեցող միօրեայ Օհաննէսեան վարժարանը ամէնօրեայ ազգային վարժարանի վերածել: Ուստի, ամէնօրեայ հայկական դպրոցի չգոյութեան պատճառով, ներկայիս Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հասակ առած նոր սերունդ մը կայ, որոնց ծնողները եկած են Լիբանանէն, Սուրիայէն կամ Իրանէն, սակայն, քանի որ անոնք` մանկամսուրէն սկսեալ աշխարհի բոլոր ազգերու զաւակներուն հետ օտար վարժարաններ յաճախած են, ուր լեզուն անգլերէն է, ուստի անոնք դարձած են անգլիախօս:

Ինչ կը վերաբերի Էմիրութեանց մէջ տեղի ունեցող ամուսնութիւններուն, աւելի քան 160 զանազան ազգերու այդ խառնարանին մէջ պատկերը շատ տխուր է: Խառն ամուսնութիւնները 70¬80 տոկոսի հասած են: Այսուհանդերձ, հսկայական ճիգեր ի գործ կը դրուին տեղւոյն ազգային վարչութիւններուն եւ անոնց գործակից մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն միջոցով պայքարելու մեզի սպառնացող «սպիտակ ջարդ»-ին դէմ:

Շարունակելով մեր զրոյցը` յիշենք թեմին մաս կազմող երեք տարբեր երկիրները` Օմանը, Սէուտական Արաբիան եւ Պահրէյնը, իսկ Քաթարի մասին կը խօսինք առանձին:

Օմանի մէջ միայն քանի մը հայ ընտանիքներ կամ անհատ հայեր ապրած են եւ ներկայիս ալ կ՛ապրին: Օրինակ, գիտենք, որ տեղւոյն ֆրանսական դեսպանատան մէջ գործող զինուորական կցորդը ինծի հետ ազգականական կապ ունեցող ֆրանսահայ պատուական հայորդի մըն է: Սա թեմիս միակ երկիրն է, ուր երբեք առիթ չեմ ունեցած այցելելու: Նաեւ հաւանական չէ, որ այնտեղ ապագային մեծ թիւով հայեր հաստատուին:

(Շար. 1)

 

 

Share this Article
CATEGORIES