ՓՈՐ ՍԱՅԻՏԻ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԵՑԱՆ
Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ Ահլի եւ Մասրի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին յառաջացած եւ 80 զոհ պատճառած բռնարարքներէն ետք, նշեալ քաղաքէն եւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պաշտօնազրկուեցան:
Փոր Սայիտի կառավարիչը հրաժարեցաւ, իսկ քաղաքի ապահովութեան ղեկավարն ու հետաքննութեանց բաժանմունքի ղեկավարը ձերբակալուեցան:
Գահիրէի մէջ ցուցարարներ բողոքի հաւաք մը կազմակերպելով պաշարեցին խորհրդարանի շէնքը: Իսլամ եղբայրներուն մօտիկ «Մասր 25» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ցուցարարները արգելք կը հանդիսանան, որ երեսփոխանները շէնքէն հեռանան:
Երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ:
Խորհրդարանը դէպքերուն շուրջ արտակարգ նիստ մը գումարեց: Խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Սաատ Քաթանի յայտնեց, որ խռովարարութիւնները «սատանային արարքն են», եւ Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը «վտանգուած է»: Խորհրդարանականները ապահովական մարմինները ամբաստանեցին թերացումի յանցանքով:
Վարչապետ Քամալ Ժանզուրի խորհրդարանին յայտնեց, որ Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը պաշտօնազրկուած է, ֆետերասիոնը լուծարուած է եւ անոր անդամները դատախազներու կողմէ հարցաքննութեան տարուած են: Եգիպտոսի դատախազութիւնը հրամայեց այս հարցով հարցաքննել 52 անձեր, որոնց շարքին են Փոր Սայիտի կառավարիչն ու քաղաքի ապահովական մարմինի ղեկավարը:


