ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՆԵՆ

«Պի-1Պի» տիպի ռազմավարական ռմբաձիգ մը

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրանեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Քաթարի Ուպէյտ օդուժի զօրակայանին մէջ տեղակայած են «Պի-1Պի» տիպի ռազմավարական ռմբարկու օդանաւեր:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ մարտին Պարսից ծոց պիտի ուղարկեն հիւլէական ուժով բանող եւ աշխարհի ամէնէն երկար մարտանաւը նկատուող «Էնթըրփրայզ» օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ հարուածային խումբ մը, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան հրթիռային յածանաւ մը եւ երեք հրթիռային ականակիր նաւեր: Արաբական ծոցին մէջ կը գտնուին նաեւ «Ապրահամ Լինքըլն» օդանաւակիրի եւ «Քարլ Վինսըն» օդանաւակիրի գլխաւորութեամբ հարուածային խումբեր:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ Իրանի պաշտպանութեան մարզի յառաջիկայ տարուան պիւտճէն 127 առ հարիւրով աւելցած է:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի չորեքշաբթի օր Արաբական ծոցին եւ Օմանի ծովուն մէջ արկածախնդրութիւն կատարել ուզողները զգուշացուց, որովհետեւ այդ պարագային իրանցի ժողովուրդը անոնց ձեռքերը պիտի կտրէ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի հետախուզութեան վարչութեան պետ Աւիւ Քոխաւի յայտարարած է, որ Թեհրան այսօր ի վիճակի է չորս հիւլէական ռումբ արտադրելու: «Իրան այս պահուս չորս հիւլէական ռումբ ստեղծելու համար անհրաժեշտ հարստացած իւրանիոմ ունի», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES