ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՐՈՇ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ Է
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած բանաձեւին շուրջ քննարկումներուն ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Ան նշեց, որ «աւելի խոր հասկացողութիւն գոյացաւ», թէ որոշումին շուրջ միաձայնութիւն գոյացնելու համար Ապահովութեան խորհուրդի անդամները ի՛նչ ներդրում պէտք է ունենան:
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, գոյութիւն ունի նոր բանաձեւ մը, որ Արաբական լիկայի որոշումին ամբողջական զօրակցութիւն կ՛ապահովէ, սակայն անկէ ջնջուած է իշխանութիւնը փոխնախագահին յանձնելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած կոչը:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ օր Միւնիխի մէջ Ապահովութեան հարցերու շուրջ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ հանդիպում մը ունենալով` Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը պիտի քննարկեն:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մօտ Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ կը սպասեն, որ Մարոք հինգշաբթի օր (երէկ) Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն Սուրիոյ շուրջ բարեփոխուած բանաձեւ մը ներկայացնէ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Ասատի վարչակարգը ներկայիս միջազգային ընտանիքին կողմէ մեծ ճնշումներու տակ կքած է «եւ չի կրնար յաւիտեանս շարունակել»` նշելով, որ մարդոց փողոց դուրս գալը անկասկած անոնց պահանջներուն դրական ընկալման անխուսափելիութիւնը կը նշանակէ:
Արապի ըսաւ, որ «սուրիական վարչակարգին Ռուսիայէն ստացած զօրակցութեան պատճառով Մոսկուա կ՛արգելակէ զինուորական միջամտութեան կամ պատժամիջոցներու որեւէ նշան»: Ան նշեց, որ Ռուսիա «չ՛ուզեր խաղաղութեան արաբական ծրագիրը, որ նախագահին կողմէ իր իշխանութիւնը փոխնախագահին փոխանցում կ՛ընդգրկէ: Մենք նախագահին իշխանութենէն հեռացումը չպահանջեցինք, այլ միայն` իր լիազօրութիւններուն փոխնախագահին փոխանցումը, որ իրականութեան մէջ սուրիական սահմանադրութեան մէջ նշուած քայլ մըն է»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Ապահովական խորհուրդի նախատեսուած որոշումը սուրիական կառավարութիւնը ճնշումի պիտի ենթարկէ, «որովհետեւ անոնք (սուրիական իշխանութիւնները) կը գիտակցին, որ Ռուսիա յաւիտեանս իրենց կողքին չի կրնար կանգնիլ. անոնք (ռուսերը) եւս ներկայիս մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուին: Ինչպէս գիտէք, Ռուսիա չ՛ուզեր ժողովուրդին դէմ ըլլալ»:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար յայտարարեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ Սուրիոյ զէնք ու զինամթերք մատակարարել: «Մինչեւ օրս զէնքերու վաճառքին դէմ արգելք չկայ, եւ մենք (Դամասկոսի նկատմամբ) մեր յանձնառութիւնները պիտի յարգենք», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, արեւմուտքցի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ, եւրոպական կառավարութիւններ եւ արաբական պետութիւններ սկսած են նախագահ Ասատի աքսոր երթալու գաղափարը քննարկել, հակառակ անոր որ Ասատի այդպիսի առաջարկի մը ընդառաջումը կասկածելի է: Պաշտօնատարները կը յայտնեն, որ երեք երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Ասատին ապաստան տալու: Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին կը յայտնեն, որ եւրոպական որեւէ երկիր այդպիսի առաջարկ ներկայացնելու պատրաստակամութիւն չէ յայտնած, սակայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կրնան վերոնշեալ երեք երկիրներէն մէկը ըլլալ:
ԱՖՓ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտարարած է, որ Թուրքիա կրնայ Ասատին ապաստան տալու հարցին մասին մտածել: «Ներկայիս այդպիսի հարց մը չկայ, սակայն եթէ մեզի այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուի, ապա անպայման զայն պիտի սերտենք», ընդգծած է Կիւլ: Սակայն Կիւլի խորհրդականը աւելի ուշ «Պի.Պի.Սի.» կայանէն հերքեց, թէ Թուրքիա պատրաստ է Ասատին ապաստան տալու:


