ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ 14 փետրուարին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան տարելիցին առիթով կեդրոնական ձեռնարկ մը պիտի չկազմակերպուի: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը գրեթէ անկարելի է, յատկապէս նկատի ունենալով անոր կեանքին սպառնացող ապահովական վտանգները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ներկայիս կը պայքարի փտածութեան դէմ` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն այն տրամաբանութիւնը, որուն համաձայն, կառավարութեան տալիք կարգ մը որոշումները պէտք է քննարկուին եւ կարգ մը ուրիշ որոշումներ` ոչ:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Սուրիոյ դէմ գործուող դաւադրութեան մասնակից են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա խստիւ դատապարտեց կառավարութեան` նոյն ոճով գործելու իրականութիւնը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանի մէջ կը գործադրէ սուրիական, իրանեան եւ շրջանային քաղաքական օրակարգ մը, որուն նպատակն է պաշտպանել Հըզպալլան:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կացութիւնը վտանգաւոր չէ` աւելցնելով, որ պետական նշանակումներու թղթածրարին պարագային կան որոշ տարակարծութիւններ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ անոր կուսակցութիւնը պատասխանատու են Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք որեւէ ոճիրի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ Աւիւ Քոխաւի երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող 200 հազար հրթիռներ Իսրայէլի դէմ ուղղուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Մայրիներու յեղափոխութեան բոլոր ղեկավարները սպանութեան թիրախ դարձնելու վտանգը առկայ է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը խաւաքարտէ շինուած կառավարութիւն մըն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած 2006-ի իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին Իրան մնայուն կերպով նեցուկ կանգնեցաւ Լիբանանին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին շատ յարձակողական եղած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն նկատմամբ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան նիստերուն պիտի չվերադառնան, եթէ կառավարութեան կազմը իր հաւասարակշռութիւնը չվերագտնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Մայրիներու յեղափոխութիւնը Լիբանանին վերադարձուցած է ազատ եւ ինքնուրոյն որոշումի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ իր գերիշխանութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ Հըզպալլայի թղթածրարը տարակարծութեան լուրջ հարց է:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախկին անդամ, դատախազ Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կառավարութեան նիստին աւարտը յայտարարելու նախաձեռնութիւնը նախընթաց մըն է, որ կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է կազմել արհեստավարժներու կառավարութիւն մը:

