ԼԻԲԱՆԱՆ – ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրաւէրով երէկ լիբանանեան եւ սուրիական ապահովական-զինուորական խորհուրդը ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն սահմանային հարցերը:

Սուրիական կողմը շեշտեց, որ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններէն լիբանանցիներ ապօրինաբար մուտք կը գործեն Սուրիա եւ զէնքի մաքսանենգում կը կատարեն: Այս ծիրին մէջ սուրիական կողմը լիբանանեանին յանձնեց նաեւ անուանացանկ մը այն լիբանանցիներուն, որոնք զէնքեր եւ լիբանանցիներ փոխադրած են Սուրիա:

Հանդիպումին աւարտին որոշուեցաւ, որ ապահովական այս խորհուրդը մնայուն գործակցութեան մէջ ըլլայ եւ իր աշխատանքային քայլերը համադրէ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES