ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՍԻԼԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Էշրեֆիէի կարիքները:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը խոր ցաւով գուժեց նախկին նախարար Նեսիպ Լահուտի մահը` շեշտելով, որ ան պետական անձնաւորութիւն մըն էր եւ անոր մահով Լիբանանը մեծ կորուստ կը կրէ:
Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, որ լիբանանցիները սուգի մատնուած են Նեսիպ Լահուտի կորուստով:
CATEGORIES Լիբանանեան

