ՆԵՍԻՊ ԼԱՀՈՒՏ ՈՉ ԵՒՍ Է

Նեսիպ Լահուտ

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան  Նեսիպ Լահուտ երէկ մահացաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Նեսիպ Լահուտ ծնած է 1944-ին` Մեթնի Պաապտեթ գիւղաքաղաքին մէջ:

1990-ին ան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան:

Երկու տարի ետք ընտրուած է երեսփոխան` Մեթնի շրջանէն: 1996-ին Նեսիպ Լահուտ վերընտրուած է:

2001-ին ան հիմնած է Ժողովրդավարական վերանորոգում քաղաքական հոսանքը, ինչպէս նաեւ 2001-ին մասնակցած է Քըրնեթ Շեհուանի հանդիպումին հիմնադրութեան:

Լահուտի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ, 4 փետրուարին:

 

Share this Article
CATEGORIES