ՊԸՐՐԻ. «ԴՐԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ 2012-ին գործադրուելիք զբօսաշրջական ծրագիրը:
Հանդիպումէն ետք Ապպուտ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ Լիբանանի կառավարութիւնը դառնայ արդիւնաւէտ կառավարութիւն մը:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ մտաւորականներու պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի:
Պըրրի ընդունեց քաղաքապետարաններու յատուկ համագումարի կազմակերպութիւնը` գլխաւորութեամբ Ամալ շարժումի գործադիր խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Նասրալլայի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ երկրին մէջ բարգաւաճումի կարելի չէ ականատես դառնալ առանց քաղաքապետարաններուն աշխատանքին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է գործադրել վարչական ապակեդրոնացումի դրութիւնը:
Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` Պըրրի հաստատեց, որ ինքզինք զանց կացուցելու եւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը կը պահպանէ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերը:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի զայրոյթով նկատել տուած է, որ կառավարութիւնը երկրին շահերը ապահովելու ի խնդիր գործելու փոխարէն ինքն իր շահերով կը զբաղի:


