ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման` հաղորդակցութեան միջոցներու միջազգային համադաշնակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Հաղորդակցութեան միջոցներու միջազգային համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հաղորդակցութեան ցանցին մէջ իսրայէլեան գաղտնի լսումներուն վերաբերող հարցեր:

Պաապտա այցելեց երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնն ու Կեդրոնական դրամատան որդեգրած միջոցները` պահպանելու համար երկրին ելեւմտական իրավիճակը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան նախագահ Մոհամետ Հութ:

Share this Article
CATEGORIES