«ՄԵՆՔ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՎՃԻՌ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու անդրադառնալով Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ վիճարկելու հարցին նշած է, որ ֆրանսացի ծերակուտականներու անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւն հաւաքելէն ետք իրենք կ՛ակնկալեն, որ Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը չեղեալ յայտարարէ:

«Մենք հասանք մեր ուզած արդիւնքին: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այս հարցին մէջ մեզի կ՛աջակցին: Թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները չեն կրնար այս օրէնքի գոյութեան պայմաններուն տակ գոյատեւել: Մենք խորհուրդէն դրական վճիռ կ՛ակնկալենք», ըսած է Պուրճուօղլու:

 

Share this Article
CATEGORIES