«1915-ԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՊԱԼՔԱՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍԷՆ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՎՏԱՐՈՒՄԸ ՏԵՍՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորան Պիլի երկուշաբթի, 30 յունուարին «Թուտէյզ Զաման»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 1915-ին տեղի ունեցածը հասկնալու համար պէտք է տեսնել նաեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին ժամանակ Պալքանեան երկիրներէն ու Կովկասէն թուրքերուն վտարումն ու անոնցմէ 2.5 միլիոնին սպանութիւնը:
«Ֆրանսայի մէջ մարդիկ չեն գիտեր, որ Օսմանեան կայսրութեան տապալումին նախորդող ժամանակաշրջանին թուրքերը 2.5 միլիոն զոհ ունեցան, մինչ մենք նոյն ժամանակաշրջանին` Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին շուրջ 1.6 միլիոն զոհ ունեցանք», ըսաւ ան:
«Մարդիկ պէտք է գիտնան, եւ կը փորձեն զանոնք այդ կորուստներէն տեղեակ պահել: Սակայն թուրքերը նաեւ պէտք է գիտնան, որ Ֆրանսան ծագումով հայերու հայրենիքն է, անոնց թիւը Թուրքիոյ հայ բնակչութեան շուրջ տասը անգամն է», ըսաւ դեսպանը:
Դեսպան Պիլի խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի առաջադրման դրդապատճառին մասին յայտնեց, որ «անոնց (Ֆրանսայի հայ քաղաքացիներուն) տառապանքները, ներառեալ` ցեղասպանութիւնը յիշելը ֆրանսական պատմութեան մաս կը կազմէ: Իրողութեան մէջ, ունեցածս անիրագործելի առաքելութիւն մըն է»:
Պատասխանելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները կամրջելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` Պիլի առաջարկած է, որ Ֆրանսայի հայերը Թուրքիա այցելեն: Ըստ իրեն, հայերը չեն գիտեր, թէ Թուրքիա որքան փոխուած է: «Թերեւս մենք` ֆրանսացի դիւանագէտներս, բաւարար չափով չենք աշխատած (Թուրքիոյ մէջ) փոփոխութիւնները բացատրելու եւ անտեսած ենք, սակայն ի վերջոյ պէտք է ձեւ մը գտնենք Թուրքիան հայկական սփիւռքին մօտեցնելու», ընդգծեց Պիլի: Ան Ֆրանսայի հայերը հրաւիրեց «գալու եւ Թուրքիան ճանչնալու, թուրքի մը հանդիպելու»:
Ֆրանսայի դեսպանը նշեց, որ «աղէտը հասկնալու համար պէտք է 1915-էն անդին` 1878-ին թուրքերուն հանգրուանաբար Կովկասէն եւ պալքաններէն վտարման նայիս»: «Կը հասկնամ, որ հայերը վերջաւորութեան այս երկարատեւ տառապանքին գինը վճարեցին: Սակայն ասիկա լայնատարած շրջան մըն է, անհրաժեշտ է 100 տարուան վրայ պատահածը հասկնաս»:
Խօսելով Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրինագիծին մասին` Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը յայտնած է, որ «օրինագիծը կրնայ անյարմար ըլլալ, սակայն պէտք չէ ծայրայեղ հակազդեցութիւններ յառաջացնէ»` աւելցնելով, որ «Ֆրանսայի մէջ այսպիսի օրինագիծերու պատշաճութեան շուրջ շատ քննարկումներ եղան: Կապերու խզումը վաղուան աշխարհը կառուցելու լաւագոյն ձեւը չէ», եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց օրինագիծի որդեգրումին եւ օրէնքի վերածուելուն պարագային չափազանցուած ձեւով չհակազդելու: Նշենք, որ հարցազրոյցը կատարուած է օրինագիծը վիճարկելու համար Սահմանադրական խորհուրդ դիմելէն առաջ:


