«ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽՈՒԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին «շատ մեծ սխալ» որակեց Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածին հետ համեմատելը:

Անցեալ շաբաթ նման համեմատութիւն կատարած էր «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան-Ֆրանսուա Ժիլիար` ֆրանսացի խորհրդարանականներուն յորդորելով Սահմանադրական խորհուրդի քննարկման ներկայացնել Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած օրինագիծը: Ժիլիար նշեց, որ պատմական փաստը պետութեան կողմէ պարտադրուած անհերքելի ուսմունքի վերածելը դուռ կը բանայ դէպի վտանգաւոր ծայրայեղութիւններ: Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնները ատիկա կը կատարեն, երբ կը պատժեն 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան գոյութիւնը յիշատակողները:

Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ այսպիսի համեմատութիւններ կատարողները մեծ սխալ կը գործեն: «Ատիկա նարինջը եւ խնձորը համեմատելուն կը նմանի, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ կը պատժուիս, երբ իրականութիւնը ըսես, իսկ Ֆրանսայի մէջ պիտի պատժուիս, երբ սուտը ըսես», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեան յայտնեց, որ այդ դէմ խօսողները նախ պէտք է իրենց սկզբունքային կեցուածքը դրսեւորեն ոչ թէ այսպիսի պարագաներուն, այլ երբ որդեգրուած էր օրինակ Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, երբ կայ նոյեմբեր 2008-ին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի համապատասխան որոշումը, որ կը պարտաւորեցնէ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ ոճիրներուն, պատերազմի ոճիրներու ժխտումը քրէականացնելը: Ան աւելցուց, որ «այսպիսի պարագաներուն թող դէմ արտայայտուին` կ՛ընդունինք, որ սկզբունքային մօտեցում է իրենցը: Բայց այսպիսի առիթներով միայն արտայայտուլիը արդէն ուրիշ մեկնաբանութեան տեղի կու տայ»:

Մանոյեան դժուարացաւ կանխատեսել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կրնայ ունենալ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ, ուր զայն վիճարկած են տասնեակ մը ծերակուտականներ եւ Ազգային ժողովի երեսփոխաններ:

Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ կանխատեսելը դժուար պիտի ըլլայ, թէեւ պարզ է, որ մինչեւ եզրակացութեան հասնիլը բաւական դժուար պիտի ըլլայ ընդհանրապէս: Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ հիմա սկսած է հանգրուան մը, որուն մէջ ֆրանսայի հայ համայնքը այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի, կը փորձէ ընձեռուած կարելիութիւններ օգտագործել, որպէսզի Սահմանադրական խորհուրդը դրական եզրակացութեան յանգի:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դիրքորոշումը պիտի չփոխուի այդ օրինագիծին նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ նախագահ Սարքոզի կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած էր, որ եթէ պատահի, որ Սահմանադրական խորհուրդը ըսէ, որ հակասահմանադրական է, ինքը նոյն նպատակով նոր օրինագիծ մը պիտի պատրաստէ քանի մը օրուան ընթացքին, որ ինք կրնայ ատիկա կատարել մինչեւ ընտրութիւններուն առիթով խորհրդարանի արձակուրդը:

«ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԿԱՏԱՐԵՑ»

Այլ գետնի վրայ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ բողոքարկելու համար ծերակուտականներու դիմումէն ետք պաշտօնական Երեւանը անհրաժեշտ մեկնաբանութիւններ չտուաւ:

Ըստ անոր, պատճառը այն էր, որ ծերակոյտին կողմէ այս օրինագիծի ընդունումը Հայաստանի իշխանութիւնները ամբողջովին վերագրած էին իրենց եւ հիմա պարզապէս չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն:

Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ այստեղ վատ զգալու խնդիր չկայ: Ըստ անոր, ճիշդ է, որ Ֆրանսայի հայ համայնքին վրայ այս լուրը բաւական բացասական ձեւով ազդեց, բայց հիասթափուած չէ, պէտք է շարունակել պայքարը:

Մանոյեան նշեց, որ եթէ այս օրինագիծը հակասահմանադրական նկատուի, ապա պէտք է հոլովոյթը շարունակել եւ ամէն պարագայի այսպիսի օրէնք ընդունիլ տալ, իսկ եթէ հաստատուի, որ ատիկա կը համապատասխանէ սահմանադրութեան, ապա պէտք է տարածուի նաեւ Եւրոպական Միութեան այլ երկիրներուն մէջ:

«Պէտք է բարձրացնել նաեւ հատուցման հարցը, որպէսզի բոլորն ալ հասկնան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչում ըսուածը նաեւ կ՛ենթադրէ հետեւանքներ` հատուցում հայութեան եւ Հայաստանին: Այս ուղղութեամբ պայքարը պէտք է շարունակուի», ընդգծեց Կ. Մանոյեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES