ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԷՅԽ ՔԱՊԱԼԱՆԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր:
Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը եւ շէյխ Քապալան ընդգծեցին լիբանանեան ազգային համախոհութեան եւ երկխօսութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները:
CATEGORIES Լիբանանեան


