ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՕԹԱՆ-Ի ՄԷՋ
ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութիւնը հայկական բանակի ստեղծման 20-ամեայ յոբելեանին առիթով ընդունելութիւն կազմակերպեց ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՕԹԱՆ-ի մէջ հաւատարմագրուած` անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու մնայուն ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, ՕԹԱն-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնականներ, ստորաբաժանումներու ղեկավարներ, Զինուորական կոմիտէի նախագահը, ՕԹԱՆ-ի միջազգային զինուորական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, Եւրոպայի մէջ միացեալ դաշնակցային զօրքերու հրամանատարութեան, առաքելութիւններու զինուորական ներկայացուցիչներ:
CATEGORIES Հայկական

