ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՃԷՅՄՍԻ ՆՇԱՆԱԿԱԾ 40 ԿԷՏԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԵՂԱՒ ՀԻԹԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Լեպրըն Ճէյմզ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած 11 ճակատումներուն, թէեւ ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայեմի Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս (40 կէտ), սակայն այդ մէկը բաւարար չեղաւ, որ անոր կազմը պարտութենէ մը փրկուի` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` Միլուոքի Պաքս, 105-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր սեփական դաշտին վրայ:

Նշենք, որ նախորդ 22 յունուարին եւս Պաքս յաղթած էր Հիթի: Պաքսի մարզիկներէն Պրենտըն Ճենինկզ նշանակեց 31 կէտ:

Տարեշրջանի իրենց 18-րդ պարտութիւնը կրեցին Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ եւ Նիւ Օրլինզ, որոնք յաջորդաբար պարտուեցան Օրլանտօ Մեճիքէն (109-103) եւ Ֆէոնիքս Սանզէն (120-103):

Շիքակօ Պուլզ, որ ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է (18), կրեց տարեշրջանի իր 6-րդ պարտութիւնը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, 98-82 արդիւնքով:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 109-103
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 98-82
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 100-64
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 99-96
Ֆէոնիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ 120-103
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս 95-86
Միլուոքի Պաքս – Մայեմի Հիթ 105-97
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 109-99
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 99-91
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 112-68
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 107-105

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց

 

Share this Article
CATEGORIES