ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ
Երէկ` հինգշաբթի, 2 փետրուարին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` գլխաւորութեամբ նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ ներկայութեամբ անդամներուն մեծամասնութեան:
Կարգ մը հարցեր լրջօրէն քննարկելէ ետք, ֆետերասիոնը որոշեց Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. խմբակի 14-րդ հանգրուանի բոլոր մրցումները սառեցնել` լաւապէս քննելու եւ հետաքննութիւն կատարելու համար Մաուատտէ Թրիփոլի – Սալամ Զղարթա եւ Սաժես – Իժթիմահի մրցումներուն գծով, որոնք կատարուեցան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

