ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԺԱՄՀՈՒՐԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏՂՈՑ ԵՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐՈՒՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին, անոր սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վարժարանները` Մոն լա Սալ, Մելքարթ, Սաժես Պրազիլիա, Իսթվուտ քոլեճ, Սուրբ ընտանիքը, Լիսէ Ապտել Քատեր, Անթունիէ վանքը, Շուէյֆաթ եւ Ժամհուր:

Թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ հիւրընկալ վարժարանը բնականաբար խմբային մրցումներով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին:

Տղոց պարագային յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անթունիէ վանքը եւ Մոն լա Սալ, իսկ աղջկանց պարագային` Մոն լա Սալ եւ Լիսէ Ապտել Քատեր:

Աւարտին, Ժամհուր վարժարանի տնօրէնը` յիսուսեան Պրունօ Սէոն վարդապետը, մրցաշարքին կազմակերպիչներուն հետ, որոնց կարգին` Մարսել Պուսումեան, կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES