ՌԱԷՖ ԱԼԱՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ռաէֆ Ալամէ, երէկ ֆետերասիոնին ուղղուած պաշտօնական իր նամակով պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը:
Քանի մը ամիսէ ի վեր ֆետերասիոնի ժողովներուն ներկայ չեղող Ալամէ ըսաւ, որ ի շահ Լիբանանի ֆութպոլին կը ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Ան, ֆետերասիոնին հետ վերջին շրջանին ունէր ներքին հարցեր, որոնց պատճառով կը բացակայէր անոր հերթական ժողովներէն եւ նիստերէն:
CATEGORIES Մարզական


