ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ 23-25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2012. «ՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ` ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Համագումարին կը մասնակցին միջազգային ճանաչում ունեցող համալսարաններու միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան երեսուն մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ: Համագումարին բացումը եւ փակումը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Համագումարին ծախսերը պիտի հոգայ «Փիւնիկ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը: Յառաջիկային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տանք համագումարին մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES