ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ՄԵՂՄԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ՞
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները երէկ չորս ժամ տեւած դռնփակ բանակցութիւններէ ետք Սուրիոյ հարցով բանաձեւին շուրջ չյաջողեցան համաձայնութիւն գոյացնել:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «քննարկումները որոշ պահերու դժուար էին, հարցը տակաւին չէ աւարտած»: Ան աւելցուց, որ բանաձեւի բնագիրի հեղինակ Մարոք ամէնէն շուտ հինգշաբթի գիշեր կամ ուրբաթ առաւօտեան պիտի ներկայացնէ բանաձեւի նոր տարբերակ մը, որուն շուրջ կարելի է քուէարկութիւն կատարել:
«Յամենայն դէպս, գոյութիւն ունին կարգ մը բարդ հարցեր, որոնց շուրջ մեր երկիրները կ՛ուզեն քննարկում կատարել, ապա մեզի ցուցմունքներ փոխանցել»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «նոյնիսկ եթէ որոշումը մեղմացուած է, սուրիական կառավարութեան վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ»:
Նշենք, որ «Ուաշինկթըն Փոսթ» իր հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր Միւնիխի մէջ ապահովութեան հարցերու շուրջ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ հանդիպում մը ունենալով` Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը պիտի քննարկեն:


