ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ
Ցուցարարներ երկրորդ օրն ըլլալով Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ բախումներ ունեցան ապահովական ուժերուն հետ: Բախումները խլեցին 2 զոհ եւ 800 վիրաւոր: Ոստիկանութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւաքուած եւ քարեր արձակող ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր արձակեց:
Ցուցարարները իրենց զայրոյթը կ՛արտայայտեն Փոր Սայիտի մէջ Ահլի եւ Մասրի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ մրցումին ընթացքին ապահովական ուժերու թերացումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար:
Զոհերուն մեծամասնութիւնը կը կարծուի Ահլիի համակիրներ ըլլալ: Համակիրները կը հաւատան, որ իշխանութիւնները սպանութիւնները արտօնած են, որովհետեւ ուզած են անցեալ տարի Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութիւնը տապալած յեղափոխութեան ընթացքին Ահլիի համակիրներուն` ապահովութեան ուժերուն դէմ ունեցած ճակատումներուն համար վրէժ լուծել:
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկուան բախումներուն ընթացքին 16 ոստիկաններ փամփուշտներ ստանալով վիրաւորուած են:


