ԸՍՏ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԻ ՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 9 ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐԱՆԻՆ ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾ ԿՐՆԱՅ ՀԱՍՑՆԵԼ
Սպիտակ տան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար Տենիս Ռոս բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ յառաջիկայ «9 ամսուան ընթացքին» հիւլէական զէնքի պատրաստութեան հարցին մէջ Թեհրանը կասեցնելու համար Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն կրնայ կատարել: Ռոս անցեալ տարուան նոյեմբերին հանգստեան կոչուած է, սակայն Սպիտակ տունը կը շարունակէ անոր հետ խորհրդակցիլ:
Միջին Արեւելքի մէջ աշխատած վեթերան դիւանագէտ Տենիս Ռոս ըսած է, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, հակառակ իր երկրին Ուաշինկթընի հետ ունեցած սերտ կապերուն, ստիպուած չէ այդ հարցին մէջ Պարաք Օպամայի առարկութիւնը լսելու:
Ռոս նաեւ աւելցուցած է, որ «ինչ որ ալ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու տեսակէտը, Իսրայէլ ինքնիշխան պետութիւն է եւ իր սեփական որոշումները կու տայ: Մենք անոնց չենք վերահսկեր: Այնտեղ 9-12 ամսուան ժամկէտի մասին խօսակցութիւններ կան»:
Իսրայէլի մէջ կը շրջին լուրեր, որ Նեթանիահու ամառը Իրանը հարուածելու հրահանգ պիտի տայ: Բրիտանիա եւս Իրանի դէմ պատերազմի անխուսափելիութեան մասին մտահոգութիւն յայտնած է:
«Վախնամ, որ զինուորական բախում ըլլայ, եւ որոշ երկիրներ կրնան կացութիւնը անձամբ տնօրինել», ըսած է Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկացի նախկին յատուկ պատուիրակ Տենիս Ռոս:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երէկ յայտարարեց, որ եթէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ձախողին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի շարունակման արգելք հանդիսանալ, ապա այդ մէկը իրագործելու համար Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան մը կարելիութիւնը պէտք է սերտել:


