ԸՍՏ ՓԱՆԵԹԱՅԻ ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԻՐԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԱՊՐԻԼԻՆ, ՄԱՅԻՍԻՆ ԿԱՄ ՅՈՒՆԻՍԻՆ
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի յօդուածագիր Տէյվիտ Իկնեթիուս, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթայի հետ Պրիւքսել մեկնած է, կը գրէ, որ «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթայի կարծիքով` Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կեդրոնները հաւանաբար պիտի հարուածէ ապրիլին, մայիսին կամ յունիսին»:
Փանեթա ըսած է, որ դէպքերու նման զարգացման հաւանականութիւնը մեծ է, որովհետեւ իսրայէլացիները կը վախնան, որ Իրան շուտով հիւլէական ռումբ պատրաստելու համար անհրաժեշտ քանակութեամբ իւրանիոմ պիտի հարստացնէ, «ատկէ ետք, ինչպէս իսրայէլացիները կը կարծեն, Թեհրան «անձեռնմխելիութեան գօտիին մէջ» պիտի յայտնուի (իսրայէլեան հարուածէն), եւ այդ ժամանակ զայն կանգնեցնել կրնան միայն Միացեալ Նահանգները: Իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չ՛ուզեր, որ իր երկրին ճակատագիրը կախեալ ըլլայ Ամերիկայէն»:
Իկնեթիուս կը գրէ, որ իսրայէլացիները կարճ, շուրջ 5 օրուան պատերազմի եւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման տարբերակ կը քննարկեն: «Իսրայէլացիները կը խոստովանին, որ իրանեան հիւլէական ծրագիրին մեծ վնաս հասցնել պիտի չյաջողին, ուստի քանի մը տարի ետք եւս անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նոր հարուած հասցնել»:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Փանեթա եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իսրայէլացիներուն կ՛ըսեն, թէ իրենց երկիրը զինուորական գործողութիւններուն դէմ է: «Ուաշինկթընի կարծիքով` Թեհրանի դէմ սահմանուած միջազգային տնտեսական պատժամիջոցները արդէն իրենց պտուղները կու տան: Սակայն Ուաշինկթըն տակաւին չէ որոշած, թէ ինչպէս պիտի վարուի այն պարագային, երբ Իսրայէլ հարուածէ Իրանի հիւլէական կեդրոնները», կը գրէ Իկնեթիուս եւ կ՛աւելցնէ, որ «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն «գուշակել», թէ այդ պարագային Իրան ինչպէ՛ս պիտի վարուի: Կ՛ենթադրուի, որ Թեհրան կրնայ հարուածել շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը, ինչպէս նաեւ արգիլել Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղի առաքումը: Միացեալ Նահանգներ արդէն զգուշացուցած են, որ պիտի չարտօնեն, որ այդ նեղուցը փակուի: Միացեալ Նահանգներ հաշուի կ՛առնէ այն, որ այդ տագնապը համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ինչպէ՛ս պիտի ազդէ»:

