ՀԱԿԱՌԱԿ ԻՐԱՆԷՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՆԵՐԱԾՄԱՆ ԴԷՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ «ԱՆԳԱՐԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՔԱՐԻՒՂ ԳՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ

Թաներ Եըլտըզ

Ազրպէյճանական «Թրենտ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ հակառակ Իրանի ուժանիւթի մարզին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, Թուրքիա պիտի շարունակէ Իրանէն բնական կազ եւ քարիւղ գնել:

Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւնը կը պնդեն, որ Իրանի իւրանիոմի հարստացման ծրագիրի նպատակն է հիւլէական զէնք արտադրել, իսկ Թեհրան կը հերքէ այդ մեղադրանքները` յայտնելով, որ այդ ծրագիրը խաղաղ նպատակ կը հետապնդէ: Այդ առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը Իրանի դէմ շարք մը պատժամիջոցներ սահմանած է: Եւրոպական Միութեան երկիրները 23 յունուարին Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովին ընթացքին որոշեցին ամբողջութեամբ հրաժարիլ Իրանէն քարիւղի ներածումէն:

Թուրք նախարարը երեքշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ վերոնշեալ պատժամիջոցները բացասաբար պիտի ազդեն քարիւղի եւ կազի համաշխարհային գիներուն վրայ:

«Մենք պիտի շարունակենք Իրանէն բնական կազ գնել` մեր միջեւ կնքուած համաձայնագիրներուն հիման վրայ, եւ այդ առնչութեամբ որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է Եըլտըզ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որդեգրուած որոշումները «մեզի չեն վերաբերիր»:

«Թրքական ԹՈՒՓՐԱՍ ընկերութիւնը` իբրեւ սեփական մարզի ներկայացուցիչ, պիտի շարունակէ իրանեան քարիւղ գնել, իսկ պետական ՊՈԹԱՍ ընկերութիւնը` իրանեան կազ գնել», ընդգծած է թուրք նախարարը:

Եըլտըզ նախապէս յայտնած էր, որ իրանեան կազի գինը վիճարկելուն համար Թուրքիա Իրանի դէմ Միջազգային իրաւարարական դատարանին հայց ներկայացուցած է: Երեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան յայտնած է, թէ Թուրքիա երբեմն երբեմն վերատեսութեան կ՛ենթարկէ տարբեր երկիրներէն, ներառեալ` Իրանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ռուսիայէն ներածուող կազի գինը:

Ըստ 1996-ին Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կազի մատակարարման վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրին, Իրան Թուրքիոյ տարեկան 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պէտք է մատակարարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES