ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 35 ԵԹՈՎՊԻԱՑԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼԱԾ ԵՆ
Միացեալ Նահանգներու Կրօնի ազատութեան միջազգային յանձնախումբը 2 փետրուարին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` Սէուտական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու 35 եթովպիացի քրիստոնեաներ, որոնք 15 դեկտեմբերէն ի վեր սէուտական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած են` սեփական կրօնական հաւաքի մը մասնակցելնուն համար:
Հաղորդագրութիւնը կը հաղորդէ, որ սէուտական իշխանութիւնները 15 դեկտեմբերին ներխուժած են Ժետտայի մէջ սեփական կրօնական հաւաքի մը վայրը եւ ձերբակալած 35 եթովպիացի աշխատաւորներ, որոնցմէ 29-ը կիներ եւ 6 այր մարդիկ, որոնք հարցաքննութեան ընթացքին բիրտ վերաբերմունքի արժանացած են:
Յանձնախումբը կը նշէ, որ մինչ անոնց դէմ պաշտօնական ամբաստանութիւն չէ արձակուած, հաղորդուած է, որ անոնք կ՛ամբաստանուին հակառակ սեռին հետ «ապօրինի հաւաք»-ի մասնակցելու յանցանքով: Սէուտական իշխանութիւնները աշխատաւորներուն հովանաւորներուն հաղորդած են, որ աշխատաւորները ձերբակալուած են ապօրինի կրօնական գործունէութեան պատճառով եւ երկրէն վտարուելու անմիջական պատիժ մը կը դիմագրաւեն:
