ՄԻՔԱԹԻ. «ՉԵՄ ԶՂՋԱՐ ԻՄ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Ախպար» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ ինք չի զղջար իր որոշումներուն կամ առած քայլերուն համար` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ լուծման մը յանգիլ:
Վարչապետ Միքաթի այս յայտարարութեամբ կ՛ակնարկէր չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստը կասեցնելու իր որոշումին: Այս ծիրին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ իրեն դէմ արտայայտուած բոլոր կասկածները:
Վարչապետ Միքաթի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կառավարութեան աշխատանքը դիտմամբ կասեցուած է` սպասելու համար Սուրիոյ տագնապին աւարտին:
Ան նշեց, որ ինք աճապարուած չէ եւ իրեն համար անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնել:
Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց, որ ինք պիտի չհրաժարի իր պաշտօնէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

