ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Նախագահ Սլէյման կը կարդայ պապին նամակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան, որ նախագահին յանձնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն նամակ մը, որուն մէջ սրբազան քահանայապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէր Նոր տարուան առիթով նախագահ Սլէյմանի յղած բարեմաղթութիւններուն համար:

Պապը իր կարգին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ուղղած էր իր բարեմաղթութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկէին նաեւ խաղաղութեան մաղթանքներ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները` ամրապնդելու համար անոր դերակատարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES