ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԼՈՐԱՆ ՖԱՊԻՒՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լորան Ֆապիւսը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, նախագահ Սլէյման դրուատեց երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի տրամադրուած ֆրանսական օժանդակութիւնները, որոնք կը վերաբերին գրեթէ բոլոր մարզերուն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի համար գնահատելի են նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին զոհողութիւնները:
Իր կարգին, Ֆապիւս նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի ողջոյնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի նկատմամբ Փարիզի զօրակցութիւնը պիտի մնայ ամուր:
ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին խորհրդարանին մէջ ընդունեց Ֆապիւսը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալալ Սահիլիի:
Հանդիպումէն ետք Ֆապիւս յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք շեշտած են Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը:
ԺՈՄՊԼԱԹԻ ՄՕՏ
Ֆապիւս այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական զարգացումները:
Իր կատարած այցելութիւններուն աւարտին, Ֆապիւս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանի հետ իր պատմական յարաբերութիւններուն յանձնառու կը մնայ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին` Ֆապիւս յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն զինուորական միջամտութիւն կատարուի, ընդհակառակն` կը մաղթեն, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն ու վայրագութեան վերջ տրուի:
Ֆապիւս ընդգծեց ժողովրդավարութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւնները եւ անոնց իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:


